Ազգային ժողովը 2 Հոկտեմբերին, քուէներու 28 թեր, 56 դէմ յարաբերակցութեամբ մերժեց Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան տեղափոխուած Արցախի ժողովուրդին կենսագործունէութեան պայմանները ուսումնասիրելու նպատակով Ազգային ժողովի քննիչ յանձնաժողով մը կազմելու ընդդիմութեան առաջարկը:
Ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութիւնը առաջարկած էր քննիչ յանձնաժողով մը կազմել եւ ուսումնասիրել արցախցիներու ընկերային հարցերը եւ անոնց նկատմամբ ատելութեան խօսքերը:
«ՔՊականները, իրենց յետնորդներն արցախցիների մասին ինչե՞ր են խօսում: Բա լաւ, մէկին չկանչես, ասես` ինչե՞ր ես խօսում», ըսաւ պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան:
Արցախի պետական նախկին նախարար Արտակ Բեգլարեան իր կարգին յիշեցուց իշխող «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Գագիկ Մելքոնեանի՝ արցախցիներուն մասին խօսքերը:
«Արցախն իրենց երկիրն էր, իրենք Արցախը յանձնեցին, եկան այստեղ, հիմա թող իրենց հիւրի նման պահեն, ոչ թէ ուզենան տանտէր դառնան, առանց էն էլ 20 տարի տանտէր են եղել, դրա համար էլ այս երկիրն այս վիճակին է», յայտարարած էր Մելքոնեան:
Ըստ Բեգլարեանի` արցախցիներուն նկատմամբ ատելութիւնը կը խարսխուի Հայաստանի բարձրագոյն իշխանութեան մակարդակով: