Երեւան դարձեալ հակադարձեց Պաքուին՝ շեշտելով, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան հետագայ բովանդակութեան մէջ չկայ որեւէ բան, որ կրնայ մեկնաբանուիլ իբրեւ որեւէ երկրի դէմ տարածքային պահանջ։
«Արմէնփրէս»ի խնդրանքով՝ անդրադառնալով Պաքուի վերջին յայտարարութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան ըսաւ հետեւեալը. «Հայաստանի Սահմանադրութեան նախաբանում յիշատակուած հայոց պետականութեան հիմնարար սկզբունքները եւ համազգային նպատակները նրանք են, որոնք արտայայտուած են Հայաստանի Սահմանադրութեան հետագայ տեքստի (բնագիրին) մեջ, իսկ այնտեղ որեւէ բան չկայ, որ հնարաւոր լինի մեկնաբանել որպէս որեւէ երկրի դէմ ուղղուած տարածքային պահանջ»։
Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով 6 Հոկտեմբերին յայտնած էր, թէ Հայաստան պէտք է կարելի եղածին չափ արագ հանէ իր Սահմանադրութեամբ «ամրագրուած տարածքային պահանջներու խնդիրը, որոնք կը վերաբերին Ատրպէյճանին»՝ նշելով, թէ Հայաստան կը մերժէ ճանչնալ նոր իրողութիւնները եւ կը շարունակէ «չմտածուած ռազմավարութիւն վարել՝ փորձելով ամէն գնով փաստաթուղթ կնքել»։
Անդրադառնալով «Արմէնփրէս»ի այն դիտարկման, թէ Պաքու կը պնդէ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան այլ իրաւական արձանագրութիւններու մէջ եւս տարածքային պահանջներ կան Ատրպէյճանի նկատմամբ՝ Բադալեան դարձեալ վկայակոչելով Հայաստանի Սահմանադրութեան 5րդ յօդուածի 3րդ մասը՝ շեշտեց, որ երբ Խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի Հայաստանի ու Ատրպէյճանի կողմէ, ստանայ Սահմանադրութեան համապատասխանելու մասին եզրակացութիւնը Սահմանադրական դատարանին կողմէ եւ վաւերացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, անիկա պիտի ստանայ աւելի բարձր իրաւական ուժ, քան որեւէ ներքին օրէնք:
«Հետեւաբար, Խաղաղութեան պայմանագրի կնքումը կը փարատի թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ադրբեջանի ունեցած բոլոր մտահոգութիւնները երկու երկրների տարբեր օրէնսդրական ակտերի (որոշումներու) վերաբերեալ, եթէ այդպիսիք լինեն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ պայմանագիրով կողմերը պարտաւոր կը դառնան ապագային եւս իրարմէ տարածքային պահանջներ չունենալ։
«Իսկ Ալմա Աթայի հռչակագրի այն մեկնաբանութիւնը, որ առկայ է Ադրբեջանի ԱԳՆ խօսնակի ձեւակերպումներում, իրականում կարող է նշանակել, որ Ադրբեջանն ինքը տարածքային պահանջներ ունի Հայաստանից, պարզապէս Հայաստանին ուղղուած մեղադրանքներով ցանկանում է դա քօղարկելու ծխածածկոյթ ստեղծել», ըսաւ Բադալեան։
Նշենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ ըսած էր, թէ Ալմա Աթայի հռչակագիրին Հայաստանի արտայայտած հաւատարմութիւնը տակաւին չի նշանակեր, թէ Հայաստան տարածքային պահանջներ չունի Ատրպէյճանէն, որովհետեւ Ալմա Աթայի հռչակագիրը կապ չունի այն հարցին հետ, թէ ուրկէ՛ կ՛անցնին ԱՊՀի անդամ երկիրներու սահմանները, եւ ո՛ր տարածքները ո՛ր երկրին կը պատկանին։
Անդրադառնալով Հայաստանի կողմէ սպառազինութեան եւ զինամթերքի ձեռքբերման՝ Բադալեան նախ խորհուրդ տուաւ համեմատել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ռազմական ծախսերը թէ՛ բացարձակ թիւերով, թէ՛ համաչափութեամբ, թէ՛ ձեռք բերուող սպառազինութիւններու տեսակներով, ապա յիշեցրել նաեւ Ատրպէյճանի բարձրագոյն ղեկավարութեան յայտարարութիւնները, թէ իրենց հիմնական ընելիքը ռազմական կարողութիւններու հզօրացումն է:
«Աւելորդ չէ յիշեցնել, որ Հայաստանը բազմիցս Ադրբեջանին առաջարկել է եւ հիմա էլ առաջարկում է սպառազինութիւնների փոխադարձ վերահսկման մեխանիզմներ (գործիքակազմեր) ստեղծել, եւ Ադրբեջանն այդ առաջարկը թողնում է անարձագանգ՝ աւելի ու աւելի ագրեսիւ (յարձակողապաշտ) հռետորաբանութիւն որդեգրելով Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ», ըսաւ Բադալեան՝ վերահաստատելով, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բացի հաւանական յարձակումներէ պաշտպանուելէ, այլ, այսինքն՝ յարձակողական օրակարգ չունի: