ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան 19րդ վեհաժողովին ընթացքին որդեգրուեցաւ «Ֆրանսախօս շրջանին մէջ ճգնաժամային կացութիւններու, անոնց յաղթահարման եւ խաղաղութեան ամրապնդման վերաբերեալ բանաձեւը», որուն միջոցով կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ 54 պետութիւններ զօրակցութիւն յայտնեցին Հայաստանին եւ խաղաղութեան հոլովոյթին:
Բանաձեւին մէջ կ՛ընդգծուի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթին մէջ 1991ի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համահունչ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ յարգանքը:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան անդամ պետութիւնները կ՛ողջունեն 19 Ապրիլ 2024ի արձանագրութեան մէջ վերահաստատուած սկզբունքներուն հիման վրայ սահմանազատման հոլովոյթին մէջ եւ միջպետական սահմանագիծի վերականգնման ուղղութեամբ արձանագրուած յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ կը խրախուսեն շրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու վերաբացումը` գերիշխանութեան, ազգային իրաւազօրութեան, հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու յարգանքի հիման վրայ: Անոնք կ՛ընդգծեն ուժի կիրարկման անընդունելիութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղեն՝ ձեռնպահ մնալու ռազմատենչ հռետորաբանութենէն եւ ատելութեան խօսքէն, որ կրնայ խոչընդոտել խաղաղութեան հոլովոյթը:
Բանաձեւը կը շեշտէ նաեւ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ սահմանամերձ տարածքներու մէջ կայունութեան գործին մէջ վերջինիս ներդրումը:
Բանաձեւին մէջ կարեւոր կը նկատուի Արցախէն 115 հազար բռնի տեղահանուած գաղթականներուն շարունակական մարդասիրական աջակցութեան ապահովումը, պատերազմական գերիներու եւ այլ պահուող անձերու, ինչպէս նաեւ անյայտ կորսուածներու հարցերու լուծումը:
Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը կը վերահաստատէ Արցախի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման առնչութեամբ մտահոգութիւնը եւ Արցախ ու յարակից տարածքներ ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան իրականացման հարցին մէջ անդամ երկիրներուն աջակցութիւնը:
Պաքու մեղադրեց Երեւանը եւ Փարիզը՝ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութիւնը չարաշահելու մէջ։ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ «խորապէս ցաւալի է, որ Հայաստան՝ Ֆրանսայի բացայայտ աջակցութեամբ եւ հովանաւորութեամբ կը չարաշահէ Ֆրանսախօս միջազգային կազմակերպութիւնը»։
Պաքու պնդեց, որ Ֆրանսա «կոպտօրէն չարաշահած է կառոյցին մէջ իր նախագահութեան կարգավիճակը», իսկ Հայաստան խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ «անհետաքրքրութիւն» կը դրսեւորէ։