Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի կլիմայական քաղաքականութեան հարցերու գծով աւագ խորհրդատու Ճան Փըտեսթայի հետ հանդիպումին ընթացքին ըսաւ, որ ինք կ՛աջակցի տարածաշրջանային խաղաղութեան օրակարգին:
Ալիեւ պնդեց, որ Ատրպէյճանն է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրին նախաձեռնողը:
Սակայն, հակառակ այս յայտարարութիւններուն, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը մերժեն ընդառաջել Հայաստանի առաջարկին եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ արդէն համաձայնեցուած դրոյթները։