Եւրոպական խորհրդարանը ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունեց Վրաստանի վերաբերեալ բանաձեւ մը, որ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն՝ անյապաղ պատժամիջոցներ կիրարկելու «Վրացական երազանք»ի հիմնադիր եւ պատուաւոր նախագահ Բիձինա Իվանիշվիլիի դէմ, իսկ Եւրոպական յանձնաժողովին` գնահատելու Վրաստանի մէջ վերջերս ընդունուած աղմկայարոյց օրէնքներու ազդեցութիւնը երկրին ստանձնած պարտաւորութիւններու պարունակին մէջ:
Հինգ քաղաքական խումբերու կողմէ համաձայնեցուած փաստաթուղթը կը պնդէ, որ իշխող «Վրացական երազանք»ի քայլերը «գործիքներ են, որոնք կ՛օգտագործուին կառավարութեան կողմէ խօսքի ազատութիւնը ոտնահարելու, լրատուամիջոցներու գրաքննութեան, հանրութեան քննադատական ձայներու նկատմամբ սահմանափակումներ մտցնելու կամ բնակչութեան խոցելի խումբերուն նկատմամբ խտրական վերաբերմունքին համար»: