9 եւ 10 Հոկտեմբերին, Պերլինի մէջ տեղի ունեցան Հայաստան-Գերմանիա երկկողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւնները, որոնց մասնակցեցաւ Հայաստանի պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան միջազգային ու տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ ու բազմակողմ ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:
Այվազեան ներկայացուց Հայաստանի շուրջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը եւ անոր զարգացման միտումները: Ան կարեւոր նկատեց «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի զինուած ուժերու կերպարանափոխման ընթացքը:
Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք՝ համաձայնեցուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան 2025ի ծրագիրը, որ կ՛ընդգրկէ տասնեակ միջոցառումներ` փորձառութեան փոխանակման, կրթութեան եւ վարժութեան, ինչպէս նաեւ երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը ուղղութիւններու: