Եւրոպական Միութիւնը Ատրպէյճանի իշխանութիւնները տեղեակ պահած է Հայաստանի մէջ իր դիտորդական առաքելութեան մասին, եւ առաքելութիւնը պատրաստ է Ատրպէյճանի հետ հետագայ համագործակցութեան։ Այս մասին «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան ըսաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գծով խօսնակ Փիթըր Սթանօ` արձագանգելով Ատրպէյճանի բանակի ընդհանուր հրամանատար Քերիմ Վալիեւի՝ նախօրէին կատարած քննադատութեան:
Վալիեւ ՆԱԹՕի բարձրաստիճան զինուորականի մը հետ հանդիպումին ընթացքին դարձեալ Պաքուի դժգոհութիւնը յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան վերաբերեալ՝ յայտարարելով, թէ Հայաստանի տարածքին դիտորդներու տեղակայումը կը սրէ իրավիճակը Հարաւային Կովկասի մէջ եւ կը խոչընդոտէ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորումը:

Սթանօ «Ազատութեան» նաեւ փոխանցեց, որ Պրիւքսէլ «բոլորովին հաւատարիմ է` աջակցելու Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման վերաբերող բոլոր ջանքերուն»:
Մինչ Ատրպէյճան դարձեալ կ՛աշխուժացնէ բողոքները, Հայաստանի իշխանութիւնը Եւրոպական Միութեան առաքելութեան երկարաձգման կարեւորութեան մասին կը խօսի:
«Տրամաբանական կը լինի, որ առաքելութիւնը շարունակի իր գործունէութիւնը Հայաստանի տարածքում, եւ որպէս նաեւ տեղեկատուութեան վստահելի աղբիւր Եւրամիութեան համար», «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան: