Երկուշաբթի օր, հիւսիսային Լիբանանի Այթու գիւղաքաղաքին վրայ իսրայէլեան յարձակում մը առնուազն 21 զոհեր խլեց եւ տասնեակներով վիրաւորներ պատճառեց, կը հաղորդէ Լիբանանի Կարմիր Խաչը։
Մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակեցուած Այթուի վրայ իսրայէլեան յարձակումը նոր օղակ մը կ՛աւելցնէ ցարդ գլխաւորաբար շիիներով բնակեցուած շրջաններուն վրայ կեդրոնացած իսրայէլեան յարձակումներու շղթային վրայ։
Միւս կողմէ, «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլացի միջեւ ուղղակի բախումները եւ ռմբակոծումները շարունակուեցան հարաւային Լիբանանի եւ հիւսիսային Իսրայէլի մէջ։
Իսրայէլեան բանակը յայտարարեց, թէ «Հըզպալլա»ն Կիրակի օր Իսրայէլի վրայ շուրջ 115 հրթիռներ արձակեց, իսկ «Ետիոթ Ահրոնոթ»ը հաղորդեց հետեւեալը. «Կիրակի օր, հարաւային Լիբանանի մէջ ցամաքային գործողութեան մը ընթացքին երկու անջատ դէպքերու ընթացքին շուրջ 20 իսրայէլացի զինուորներ վիրաւորուեցան»: Աւելի ուշ իսրայէլեան «Ուալլա» կայքը հաղորդեց, որ այդ թիւը բարձրացած է 25ի:
Իսրայէլեան օդուժը նաեւ յարձակում մը գործեց Պաալպեքի հիւսիսը գտնուող Քնիսէ գիւղին վրայ:
«Թշնամի Իսրայէլ Մարժեհիունի Պըրժ Մուլուք գիւղին մէջ թիրախ դարձուց բանակի 2 ինքնաշարժներ, այդ պատճառով 3 զինուորներ վիրաւորուեցան», յայտարարեց լիբանանեան բանակը: Իսկ ՄԱԿի խաղաղապահ ուժը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով վիրաւորուեցաւ 5րդ խաղաղապահը։