
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով Գործիչ» մրցանակը պիտի յանձնուի համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցաւ հայանպաստ լրատուութիւն կատարող եւ հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կատարող երեք լրատուամիջոցներու՝, The Armenian Report-ին, 301ին Եւ Zartonk Media-ին։
Նշենք, որ անցեալ տարի հաստատուած Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով Գործիչ» մրցանակը կը շնորհուի Հայ Դատը ջատագովելու գործին մէջ արտակարգ ծառայութիւններ մատուցած գործիչներու։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս 11» կայանի «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին հռչակաւոր հաղորդավար եւ «Էմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Արաքսիա Կարապետեան պիտի յանձնէ ընտրեալ մեծարեալներուն մրցանակները։
301-ը Հայաստան հաստատուած է եւ յատկանշական աշխատանք տարած է յատկապէս Արցախի մէջ Ատրպէյճանի ցեղասպանութիւնը եւ Հայաստանի դէմ բռնարարքները լուսարձակի տակ առնելու գործին մէջ։
The Armenian Report-ը հիմնուած է Աննա Խաչիկեանի կողմէ, որ տասնամեակներու փորձառութիւն ունի NBC Business News, NBC եւ TMZ հաստատութեան մէջ։ Անիկա սիրուած է յատկապէս հայ երիտասարդութեան կողմէ։
Zartonk Media-ն ամէնօրեայ լուրերու վստահելի աղբիւր մը կը նկատուի, իսկ անոր հիմնադիրները՝ Վան Տէր Մկրտիչեան եւ Զաւէն Քուրօղլեան, կենսական կը նկատեն Սփիւռքի մէջ բազմատեսակէտ քննարկումներ ունենալը։
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը առիթ մը պիտի ըլլայ լուսարձակի տակ առնելու յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ (9876 Wilshire Blvd., Beverly Hills, CA 90210)։ Տեղեր ապահովելու, կամ Սթիւ Արթինեանի ու մեծարեալներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել կայքէջը։