«Պատերազմի չենք ձգտիր, սակայն պատրաստ ենք մեր գերիշխանութիւնը պաշտպանելու` մեր ապահովութեան եւ շահերուն վրայ որեւէ յարձակումէ», յայտարարեց ՄԱԿի մօտ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Սայիտ Իրուանի՝ ազդարարելով. «Ըստ Միջազգային օրէնքին՝ որեւէ յարձակումի դիմաց պիտի կիրարկենք ինքնապաշտպանութեան մեր բնական իրաւունքը։ Իսրայէլը միջազգային խաղաղութեան վտանգ կը ներկայացնէ, եւ անոր թշնամական արարքները շրջանը դէպի համապարփակ պատերազմ կը մղեն»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ եթէ Իսրայէլ Իրանի հիւլէական կառոյցները թիրախ դարձնէ, այդ շատ վտանգաւոր սադրանք մը պիտի ըլլայ: «Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութիւնը մօտէն կը հետեւի Իրանի հիւլէական գործունէութեան, եւ անոր ռազմականացման որեւէ փաստ չի տեսներ», ըսաւ Լաւրով:
Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը Իրանի վրայ Իսրայէլի մեծ յարձակում մը գործելը կ՛ընդունի, սակայն այն մտավախութիւնը ունի, որ որոշ թիրախներ հարուածելը շրջանային պատերազմի յանգեցնէ:
«Աքսիոս»ը նշեց, որ հաւանական է, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ այս շաբթուան սկիզբը Ուաշինկթըն այցելէ:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, թէ Իրանին հակադարձելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի հետ տարակարծութիւններու ցանկը կրճատուած է, սակայն իսրայէլեան մտադրութիւնը տակաւին Ամերիկայի ուզածէն քիչ մը աւելի կարծր է:
«Նախարարաց սեղմ խորհուրդը տակաւին Իրանին հակադարձելու բնոյթին վերաբերեալ որոշում մը չէ տուած», հաղորդեց Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռը:
«Ծոցի երկիրները Ուաշինկթընի վրայ ճնշում կը բանեցնեն, որպէսզի Իսրայէլին արգիլէ իրանեան քարիւղի կեդրոններուն վրայ յարձակիլ», «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին Ծոցի շրջանէն աղբիւրներ: