14 Հոկտեմբերին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան եւ Թուրքիոյ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Նուման Քուրթուլմուշ Ժընեւի մէջ հանդիպում մը ունեցան: Այս մասին յայտնեց Սիմոնեանի մամլոյ քարտուղարը:
Հանդիպում մը նախատեսուած էր նաեւ Ատրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ, սակայն ըստ հայկական կողմին, ատրպէյճանական կողմը չեղարկեց զայն:
Ըստ Ազգային ժողովի նախագահի բանբեր Մովսէս Յարութիւնեանի՝ ատրպէյճանական կողմը վերջին պահուն հրաժարեցաւ նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութենէն: Ան նշեց, որ հանդիպումը չեղարկելու պատճառներուն մասին Սիմոնեան յաւելեալ բացատրութիւն պիտի տայ Երեւան վերադառնալէ ետք։
Հանդիպումը նախատեսուած էր Ժընեւի մէջ ընթացող Միջխորհրդարանական միութեան 149րդ վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ:
Կառոյցին խօսնակը՝ Թոմաս Ֆիցսիմըն ըսած էր, որ Սիմոնեան եւ Կաֆարովա պիտի քննարկեն տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ջանքերը: