Ատրպէյճանի արեւելեան շրջաններէն դէպի Նախիջեւան երթեւեկի հաղորդակցութեան միջանցքը կրնայ անցնիլ թէ՛ Իրանի եւ թէ Հայաստանի տարածքով։ 13 Հոկտեմբերին Kanal7-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց Թուրքիոյ երթեւեկի եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալողլու` նշելով, որ առաջինին պարագային երթուղին 61 քիլոմեթր է, երկրորդին` շուրջ 43 քիլոմեթր:
Ըստ թուրք նախարարին՝ անկախ երթուղիի վերջնական որոշումէն, երթեւեկի եւ միջոցներու կառավարման հաղորդակցութիւններ պիտի հաստատուին:
«Այսպէս թէ այնպէս, մենք այս նախագիծը պիտի իրականացնենք Ատրպէյճանի հետ միասին: Կան կարգ մը հարցեր, բայց անոնք կրնան լուծուիլ հետագային: Ժամանակի հարց է», ըսաւ Ուրալողլու, ըստ որուն, որեւէ երկիր պէտք չէ դէմ ըլլայ իր տարածքը Պէյճինկը Լոնտոնին կապող միջազգային հաղորդուղիներու զարկերակի վերածելուն:
«Պարզապէս խոհեմ չէ այսպիսի գաղափարի մը ընդդիմանալը», ըսաւ ան՝ շեշտելով, որ թէեւ Անգարա ուղղակիօրէն չի մասնակցիր Հարաւային Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու վերականգնման բանակցութիւններուն, անիկա մնայուն կապի եւ համակարգման մէջ է Պաքուի հետ:
Անդրադառնալով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ի հաստատման հարցին գծով Իրանի բացասական դիրքորոշումին` Ուրալողլու ըսաւ. «Իրանի՝ այս հարցը մերժելուն պատճառը կրնայ միայն Իրանի տարածքով միջանցք մը հաստատելու Թեհրանի փափաքը ըլլալ»: