Ատրպէյճան հրաւէր յղած է Հայաստանին՝ մասնակցելու Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿի կլիմայի COP29 համաժողովին։ Այս մասին յայտնեց Ատրպէյճանի ուժանիւթի փոխնախարար Էլնուր Սոլթանով:
«Հրաւէրը ուղարկուած է հայկական կողմին, մենք պատրաստ ենք հիւրեր ընդունելու բոլոր մակարդակներու վրայ», ըսաւ Սոլթանով:
Աւելի կանուխ, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով համաժողովը խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրելու լաւ կարելիութիւն նկատած էր։