Պոլսոյ մէջ ,Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 18 Հոկտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ:
«3+3» տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի ծիրին մէջ տեղի ունեցող հանդիպումին ընթացքին, անոնք քննարկեցին երկկողմ օրակարգային հարցեր եւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման գծով երկխօսութեան շարունակականութիւնը:
Միրզոյեան վերահաստատեց գործընթացին միջոցով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու կարեւորութիւնը:
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուեցան նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն շուրջ: