

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
ՑԱՆԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԿԱՅԾԸ

Այս շաբաթ, բուռն ցանկութեամբ կարդացի հայ պատմիչներէ հատուածներ: Կասկած չկար. բոլորն ալ անդիմադրելի ցանկութեամբ բռնած էին գրիչը եւ ընտիր արտայայտութիւններ գրած էին: Առինքնող եւ հեշտալուր էին անոնք… Չեմ գիտեր, «ցանկալի» բա՞ռն էր պատճառը այդ հեշտանքին: Փաւստոս Բիւզանդ գրեց «Բարձր ցանկալի հասակ», իսկ Եղիշէ՝ «Հեշտ եւ ցանկալի ձայն»: Եղիշէի համար մահն ալ էր ցանկալի. «Սուրբ եւ ցանկալի մահ»: Փարպեցիի համար ցանկալի առարկան շղթաներ էին. «Որդիք նահատակին Գրիգորի ցանկալի շղթայիւքն՝ երջանիկք եւ հրեշտականմանք»: Ասողիկը գոչեց՝ «Եղբա՛յր ցանկալի»: Իսկ Ղեւոնդի եւ Ագաթանգեղոսի աչքերը շլացեր էին ոսկիի եւ արծաթի փայլով. «Սպասս ցանկալի ոսկւոյ եւ արծաթոյ… Անօթս ցանկալիս»: Առ այդ, որոշեցի գրել «ցանկալի» բառին գրաւիչ պատմութիւնը եւ հասկնալ, թէ հայոց լեզուին մէջ ո՛ր էակը հայ գրիչին համար եղած է ցանկալի եւ արժանացած է մինչեւ մեր օրերը յիշուելու: Կը յուսամ, որ վաստակս կը հասնի իր աւարտին եւ ցանկալի արդիւնքի:
ՑԱՆԿԱԼԻ Կ՛ԸԼԼԱՐ, ԵԹԷ…
Ցանկալի կ՛ըլլար, որ մենք՝ արեւմտահայերէն խօսողներս, աւելի յաճախ գործածէինք «ցանկալ»ջ ածականը: Կարծես, թէ մեր բոլոր ցանկութիւնները մարած են եւ մեզի մնացեր է «ուզել» բայը լոկ: Մինչդեռ, կը յիշէ՞ք միջնադարը լի էր բազմաթիւ ցանկութիւններով՝ ցանկալի, ցանկասէր եւ ցանկամոլ անձնաւորութիւններով: Վկանե՞րը այս համոզումիս. Հայկական մատենագրութեան էջերը: Մեզմէ կէս հազարամեակ մը առաջ Ատոմ երէցը գրեց «Գանձ Շողակաթին» բանաստեղծութիւնը եւ նկարագրեց այդ գեղեցկութիւնը. «Սա է դրախտ ադենի յերկրիս, / Ուստի ճաշակեմք զպտուղ ցանկալիս»: Իր Մատեանին մէջ Գրիգոր Նարեկացին քանի մը ցանկալի առարկայ յիշեց. «Անօթ ցանկալի», «Տուն ցանկալի», «Այգի ցանկալի»: Նարեկացին «Տաղ քաղցրիկ» բանաստեղծութեան մէջ բացատրեց, թէ Երուսաղէմն էր ցանկալի, որ նման էր հարսի. «Սեաւ եմ գեղեցիկ / դուստր Եւայի Երուսաղէմ. / ահա նա հարսն իմ ցանկալի»: Իսկ 1298 թուականին գրի առնուած Յիշատակարանի մը մէջ, Վարդան անունով գրիչը բացատրեց, թէ ո՛վ էր այդ մարդը, որ պատուիրած էր գիրքը. «Աստուածաշունչ կտակիս ցանկացող եղեւ աստուածասէր եւ հոգեսէրն տանուտէր Կիրակոս»: Ապա ան յիշեց աշխատանքի արդիւնքը. «Խոշոր գրով աւարտեցի զցանկալի տառս»: Գիրքին աւարտին Վարդան գրիչը յիշեց նաեւ իր օգնականներուն անունը. «Ցանկալին հրեշտակք»:
ՑԱՆԿԱԼԻ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ
Բարեպաշտ հայու համար ցանկալի էր նաեւ նահատակութիւնը: Բազմաթիւ եղերերգութիւններ եւ ողբեր գեղեցկօրէն կը նկարագրեն այդ երանելի վիճակը: Յայսմաւուրք գիրքը խմբագրող, լրացնող եւ հարստացնող երաժիշտ, խազագէտ, րաբունապետ եւ ծաղկող Գրիգոր Ծերենց Խլաթեցին, երբ 1425 թուականին նահատակուեցաւ, իր աշակերտը գրեց «Եղերերգութիւն ի մահ նահատակութեան Ծերենց Գրիգոր վարդապետի Խլաթեցւոյ» բանաստեղծութիւնը եւ ողբաց. «Ո՜վ ցանկալիդ ամենայնի, / Րաբունապետ Հայոց ազգի / Վարդապետաց էր ցանկալի, / Վարդ անթառամ յեկեղեցի, / Եւ յօրինէր ճառս ցանկալի»: Իսկ երբ Յարութիւն անունով կարնեցի հայ մը 26 Փետրուար 1255 թուականին Զմիւռնիոյ մէջ իր ծաղիկ հասակին նահատակուեցաւ, լուրը հասաւ իր ծննդավայրը՝ սուգի մէջ դնելով քաղաքը: Այդ օր նօտար մը գրեց ողբը ու երիտասարդը կոչեց՝ «Հրաշագեղտիպ ցանկալի»: Քիչ չեն մարտիրոսացած «այր ցանկալի», «կին ցանկալի», «ցանկալի սիրուհի» հայեր: Անոնց յիշատակը փառաբանող վկայարաններու մէջ, յարգելի ընթերցող, ես գտայ ընտիր պատիւներ, ինչպէս՝ «Ցանկայր մարտիրոսական մահուան» եւ «Ցանկալի կեանք»: Ըստ գրիչներու, նահատակութեան օրը երկինքն ալ կ՛ըլլար բերկրալի. «Ուրախութեամբ ցնծայր եւ կաքաւելով հրճուէր ցանկալին զուարթնոց»:
ԸՆԿԵՐՈՋ ՑԱՆԿԱԼԻ ԿԻՆԸ
Աստուածաշունչ մատեանը, յարգելի ընթերցող, լի է ցանկութիւններով: Գիրքը մեզի տուաւ յոյս, խոստանալով, որ եթէ ցանկութեան կէտը Տէրն է եւ իմաստութիւնը, ապա անպայման կը հասնինք արքայութեան. «Ցանկացայ փրկութեան քում, Տէր… Ցանկութիւն իմաստութեան՝ տանի յարքայութիւն»: Աստուածաշունչը խրատական խօսք մըն ալ ունի. «Դադարք իմաստութեան՝ ցանկալի են քան զոսկի, դադարք հանճարոյ՝ ցանկալի են քան զարծաթ»: Բայց, ըստ Աստուածաշունչին, ո՛չ բոլոր ցանկութիւնները ցանկալի են: Կան նաեւ անցանկալի ցանկութիւններ: Շփոթեցուցիչ խօ՞սք է այս: Բացատրութեան մը համար աւելի լաւ է, որ Գիրքը խօսի. «Մարմին ցանկայ հակառակ հոգւոյ, եւ հոգի՝ հակառակ մարմնոյ»: Սուրբ Գիրքը ունի նաեւ արգիլուած ցանկութիւններու ցանկ մը. «Մի՛ ցանկանար տան ընկերի քո», «Մի՛ ցանկանայցես արծաթոյ եւ ոսկւոյ», «Մի՛ ցանկանար կնոջ ընկերի քո»:
ՑԱՆԿԱԼԻ ԴԱՇՆԱԿԻՑ
Հայկական մամուլին մէջ «ցանկալի» բառը ունի իր յատուկ գործածութիւնը: Անիկա ո՛չ կրօնաբարոյական նշանակութիւն ունի, ոչ ալ՝ սիրային: «Ցանկալի» բառը եթէ թերթի մը մէջ յայտնուած է, ապա հասկցէ՛ք, որ զգայացունց լուր մը պիտի կարդաք: Հասկցէք, թէ անօրինական կամ քաղաքական բարդ վիճակ մը կայ: Այդ տեսակ քանի մը խորագիր վերջերս լոյս տեսաւ հայրենի լրագիրներու մէջ, եւ ես թէ՛ հաճոյքով, թէ՛ ափսոսանքով ընթերցեցի զանոնք: Այժմ, յարգելի ընթերցող, կը ցանկամ մէկ-երկու հատը մէջբերել: Առաջինը Վանաձորի համայնքապետարանին մէջ տեղի ունեցած օրինախախտումներու մասին է. «Օրէնսդրութիւն են խախտում՝ ցանկալի անձանց պաշտօն տալու համար»: Իսկ երկրորդը՝ կաշառակերութեան դէպք մը. «Կաշառք են պահանջել՝ ծառայութեան ցանկալի վայր ընտրելու դիմաց»: Շաբաթ մը առաջ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր մը բոլորիս ներկայացուց Հայաստանի աշխարհաքաղաքական նոր դիրքը. «Մենք ցանկալի դաշնակից ենք Եւրոպայի համար»: Նոյն օրերուն Զախարովա խօսեցաւ հիւսիսային ոճով. «Ցանկալի չէր լինի, որ Հայաստանը կրկնէր Ուկրաինայի ճակատագիրը»: «Ցանկալի» ածականի հականիշն ալ ունի դիւանագիտական նշանակութիւն. «անցանկալի» է այն անձը, որ մերժում կը ստանայ հիւրընկալող կառավարութեան կողմէ:
ՑԱՆԿԱԼԻ ՎԱՐԴԸ
«Ցանկալի» բառը իր արժանի տեղը գտաւ սիրային բանաստեղծութիւններու մէջ: Սիրատենչ այրեր, երբ գարուն էր, հանդիպեցան գեղեցիկին, ներազդուեցան անոր բոյրէն, այրեցան ցանկութեամբ եւ յօրինեցին քնարական տողիկներ: Այդ սիրավառ տղաներէն մէկն է 130 սիրային տաղերու հեղինակ, երաժիշտ եւ մանկավարժ Յովհաննէս Կարնեցին: Անոր «ցանկալի» էակը ցնծութեան աղբիւր մըն էր. «Իմ ցանկալիդ, երբ գաս առ իս, / Ճոխանալով, ճոխանալով, / Նոր ցնծութիւն սրտիս ծագիս, / Ճոխանալով, ճոխանալով»: Գարնան մէկ այլ օր էր՝ Վարդան Կաֆացին վարդի բոյր ցանկացաւ. «Վարդն է բացուեր առաւօտեան գոյնզգոյն / Գերագոյն վարդ, դու ցանկալի ես մանկանց, / Մի՛ թափիր, վարդ, մի՛ թափիր, / Խիստ այրեցայ ես քո հոտոյն, / Մի՛ լափիր, վարդ»: Իսկ կաթողիկոս, բանաստեղծ Գրիգորիս Աղթամարցին, որ յայտնի է նաեւ սիրային այլաբանական բանաստեղծութիւններով, Վանայ ծովու եւ այգեստաններու տենչալի պատկերէն յափշտակուած՝ գրի առաւ հետեւեալ քառեակը. «Ահա այգիք մեր ծաղկեցան, / Բուրեն զհոտն անմահութեան, / Ե՛կ, ցանկալի իմ եւ աննման / Եւ զուարճասցուք ի բուրաստան»:
ՅԱՆԿԱՐԾ ԼԵԶՈՒՍ ՉԸՍԷ. «ՑԱՆԿԱԼԻՍ»
Հայկական նոր գրականութեան երկու բանաստեղծներ Վահան Տէրեանը եւ Պարոյր Սեւակը, գեղեցիկը պաշտող գրիչներ, կնոջ պատկերին կամ գաղափարին առջեւ խոնարհած՝ «ցանկալի» քերթուածներ ստեղծեցին: Տէրեանը պատմեց հեռաւոր եւ անհաս սիրոյ վիշտը. «Դու իմ միակ ցանկալիս, / Դու իմ անո՜ւշ տարագիր… Վառուած են մութ ցանկութեան ջահեր անխօս… Շուրթերդ – վարդ բոցավառուած են իմ առաջ ցանկութիւնով արիւնատենչ ու մեղսական»: Իսկ Պարոյր Սեւակ, գարնան ջերմութենէն եւ վարդերու բոյրէն շատ հեռու, Մոսկուայի մէջ, Դեկտեմբեր 1955ին, յուսահատ տրամադրութեամբ գրեց. «Մի՛ մոռացիր, որ շատ յաճախ, ցանկալի՛ս, / Երբ յոյս ցանում ու հաւատ են շաղ տալիս, / Չի՜ կանաչում: / Յիշի՛ր, որ միշտ ուշանում է ցանկալին»: Իսկ աւարտին ան որոշեց չգործածել այդ բառը.
«Ես չէի նայում,
Որ անինքնասէր իմ լեզուն յանկարծ
Չասի. «Ցանկալի՜ս»»:
ՑԱՆԿԱԼԻ Է ԱՇԽԱՐՀՍ
Այսօր, յարգելի ընթերցող, ձեզի երգով մը հրաժեշտ պիտի տամ: Սակայն իբրեւ վերջին գեղեցիկ խօսք, իբրեւ իմաստուն միտք, խրատ մը թանկագին՝ կը փափաքիմ Եղիշէ Չարենցի մէկ երկտողը մտաբերել. «Ինչքան աշխարհը սիրես ու աշխարհով հիանաս /
Այնքան աշխարհը անուշ ու ցանկալի կը լինի»:
Իսկ այժմ լսենք «Երգ Հայրենի» գործը: Խօսք՝ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, երաժշտութիւն՝ Մակար Եկմալեան.
«Մինչ բոյր ի բոյր փթթին ծաղկունք
Եւ ճռուողեն նորեկ ծիծռունք,
Ի քեզ ես դարձ առնեմ յայնժամ,
Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան:
Զնինջ ի ծոցդ առնում յայնժամ,
Ո՜վ ցանկալիդ իմ Հայաստան»: