Միացեալ Նահանգները բարձր կը գնահատէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման կանոնակարգի ձեւակերպումը: «Էքս»ի իր էջին վրայ այս հաստատումը կատարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մեթիու Միլըր:
«Ասիկա ցոյց կու տայ, որ կարելի է յառաջընթաց արձանագրել մնայուն երկխօսութեան միջոցով: Մենք կ՛աջակցինք կայուն, արժանապատիւ խաղաղութեան ուղղութեամբ երկու կողմերուն ճիգերուն՝ յանուն տարածաշրջանին մէջ ապահովութեան եւ բարգաւաճման», կ՛ըսուի Միլըրի վերոնշեալ գրութեան մէջ: