Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 155ամեակին առիթով, 26 Հոկտեմբերին, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համերգ մը՝ Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռնութեամբ:
Պատուոյ հիւրն էր Կոմիտասի ազգական, երաժշտուհի Թամար Էսքէնեան, որ այս առիթով յատկապէս ժամանած էր Զուիցերիայէն ։ Համերգին մասնակցեցաւ նաեւ «Լուսաւորիչ» դպրաց դասի երգչախումբը:
Հանդիսութեան նախագահը Սահակ Բ. պատրիարքն էր։
Ողջոյնի խօսքերէն ետք, բեմ հրաւիրուեցան Թամար Էսքէնեան եւ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ՝ «Լուսաւորիչ» երգչախումբը, որոնք ներկայացուցին կոմիտասեան բազմաձայն երգեր։ Էսքէնեան թէ՛ սրինգ, թէ՛ շուի եւ թէ դուդուկ նուագեց եւ մեներգեց, մեծապէս տպաւորելով ներկաները։
Հուսկ բանքը արտասանեց պատրիարքը՝ խօսելով Կոմիտաս վարդապետին մեծութեան մասին։