«ՄԱՍՆԱԿՑԻԼ-ՉՄԱՍՆԱԿՑԻԼԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՐՈՇՈՒՄՆ Է». ԱԼԻԵՒ
Երեւան տակաւին վերջնական որոշում չէ տուած` մասնակցի՞լ Պաքուի մէջ 11 Նոյեմբերին մեկնարկած ՄԱԿի Կլիմայի վեհաժողովին, թէ` ոչ, եւ ի՞նչ մակարդակով: Հայաստանի որոշումը կախեալ պիտի ըլլայ շարք մը հարցերէ, որոնց կարգին՝ գերիներու վերադարձի եւ խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ Ատրպէյճանի հետ քննարկումներէն։ «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան:
«Եթէ դեռ չկայ որոշում, տեսականօրէն հնարաւոր է ե՛ւ գնալ, ե՛ւ չգնալ», ըսաւ ան։
Պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, որ թէ՛ խաղաղութեան պայմանագիրի, թէ՛ գերիներու վերադարձի հարցը խնդիրներու մէկ մասն ե՞ն՝ Կոստանեան պատասխանեց՝ ըսելով. «Այո՛»:
Թղթակիցը հարցուց, որ Պաքուի հետ կա՞ն քննարկումներ այս պահուն ՔՈՓի ծիրին մէջ ընթացող, որոնցմէ մեկնելով արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշում պիտի տայ. Կոստանեան պատասխանելով՝ ըսաւ. «Ընդհանուր բանակցային դինամիկայից (ուժաբանութենէն) պէտք է դատել, բնականաբար, կան խողովակներ որոնցով ընթանում են շփումներ, այդ թւում` նաեւ 11րդ ադրբեջանական նախագիծը, խմբագրումը ստացանք, եւ դիտարկում ենք»:
Սակայն, ՔՈՓ 29ին ընդառաջ, Պաքուէն լաւատեսական յայտարարութիւններ հնչեցին: Քանի մը օրեր առաջ, Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դիտել տուաւ, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան մօտ են խաղաղութեան համաձայնագիրի բնագիրին շուրջ վերջնական համաձայնութեան գալուն՝ աւելցնելով, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Կլիմայի վեհաժողովէն ետք։
«Ազատութիւն»ը հարցուց, որ կա՞յ յստակ փոփոխութիւն այդ չհամաձայնեցուած կէտերուն շուրջ՝ Կոստանեան պատասխանեց. «Դեռեւս շարունակում են մնալ հարցեր, որոնց շուրջ երկու կողմերի տեսակէտները տարբերւում են: Բայց մենք տեսնում ենք հնարաւորութիւն այդ տեսակէտները մօտարկելու»:
Սակայն, հակառակ Պաքուի լաւատեսութեան, անիկա կը շարունակէ սպառնալիքներ ուղղել Հայաստանին. այս հանգամանքին մասին խօսելով՝ Կոստանեան ըսաւ. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակում է շահագրգռուած լինել Ադրբեջանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորման գործընթացում եւ կարծում ենք` դրական հաղորդագրութիւններն են, որոնք օգնում են այս գործընթացին, ինչպէս նաեւ երկու պետութիւնների հանրութիւնների նախապատրաստումը»:
ՔՈՓին ընդառաջ, արեւմտեան զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքական գործիչներ կոչ ուղղեցին՝ պոյքոթի ենթարկելու համաժողովը` պահանջելով Ատրպէյճանի իշխանութիւններէն նաեւ անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները: Պաշտօնական Երեւան մինչդեռ համաժողովէն առաջ Պաքուի մէջ պահուող հայ գերիները ազատ արձակման հարցով յայտարարութիւն չկատարեց:
11 Նոյեմբերին սկսած ՔՈՓ 29 համաժողովը պիտի տեւէ մինչեւ 22 Նոյեմբեր։ Թէ ո՞ր փուլին եւ ի՞նչ պայմաններով Երեւան պիտի որոշէ մասնակցիլ կամ չմասնակցիլ այդ վեհաժողովին՝ տակաւին յստակ չէ։
«Պաքու իր հրաւէրը ուղարկած է, իսկ մասնակցիլ-չմասնակցիլը Հայաստանի որոշումն է», 11 Նոյեմբերին յայտարարեց վեհաժողովը հիւրընկալող Իլհամ Ալիեւ: