11 Նոյեմբերին, Պաքուի մէջ, Պելճիքայի վարչապետ Ալեքսանտր Տը Քրույի հետ հանդիպումին ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ «Հայաստանի Սահմանադրութիւնը պէտք է փոփոխութեան ենթարկուի»:
«Հայաստանի Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ գտնուող տարածքային պահանջները Ատրպէյճանին հետ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան գլխաւոր խոչընդոտն են», աւելցուց Ալիեւ:
Ասոր զուգահեռ ան ըսաւ, որ Երեւանի հետ բանակցութիւններուն մէջ վերջին մէկ տարուան ընթացքին լուրջ յառաջընթաց արձանագրուած է` մասնաւորաբար «սահմանագծման գծով»։
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ հանդիպումին եւս Հայաստան-Ատրպէյճան կապերը լուսարձակի տակ բերուեցան: Միշէլ վերահաստատեց Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը` աջակցելու բոլոր ջանքերուն յանուն կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ Կովկասի:
Միշէլ այն մասին գրած է իր էջին վրայ՝ յիշեցնելով, որ նախորդ շաբաթ, Պուտափեշթի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ միտքերու փոխանակումէն ետք, իրենք քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին իրավիճակը: