Armenoid Productions-ի «Ցեղասպանութիւն 2.0. Արցախի Ցեղային Զտումը» վաւերագրական ֆիլմը կը բացայայտէ Ատրպէյճանի շարունակական արշաւը՝ ջնջելու հայկական ժառանգութիւնը Արցախի մէջ։ 2024ին, առաջին անգամ ըլլալով 1700 տարուան ընթացքին, Զատիկը չտօնուեցաւ Արցախի մէջ, ինչ որ յստակօրէն կը խորհրդանշէ աւելի քան 120,000 հայերու հարկադիր տեղահանութիւնը իրենց հայրենի հողերէն։ Այս ֆիլմը, որ «Հալածանքի Դէմքերը» վաւերագրական շարքին մաս կը կազմէ, կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի գործողութիւններուն յստակ եւ համոզիչ ապացոյցները՝ ներառեալ հայ ղեկավարներ թիրախ դարձնելը, բանտարկութիւնը եւ խոշտանգումները։ Ֆիլմին նպատակն է միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել եւ հաշուետուութիւն պահանջել։
«Հալածանքի Դէմքերը» ֆիլմաշարը ստեղծուած է Արցախի ճգնաժամը կապելու մարդկային իրաւանց համաշխարհային նոյնպիսի այլ հարցերու հետ, ինչպէս՝ եզիտիներու ցեղասպանութիւնը եւ Նիճերիոյ Քատունա նահանգին մէջ տեղի ունեցող բռնութիւնները։ Այս բաղդատութիւններով՝ նախագիծը կը ձգտի համաշխարհային միասնական արձագանգ ձեւաւորել։ Տեղական «Էմմի»ի բազմակի մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Ցեղասպանութիւն 2.0»ը կը ցոլացնէ արդարութեան հետամուտ անձնակազմին նուիրումը։
Շարքին առաջին ֆիլմը՝ «10 Տարի Ետք», կ՛անդրադառնայ եզիտիներու ողբերգական ճակատագիրին «Իսլամական պետութիւն» ծայրայեղական խմբաւորման տիրապետութեան տակ, նոյն ատեն ընդգծելով Հայաստանի դերը իբրեւ կրօնական ապաստանարան՝ աշխարհի ամէնէն մեծ եզիտի տաճարին հայրենիքը։ Այս պատկերը կ՛ընդգծէ Հայաստանի նուիրումը ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներուն եւ միջկրօնական փոխըմբռնումին։ Ֆիլմը համաշխարհային տարածում գտաւ JAVA Films-ի միջոցաւ՝ գլխաւոր ցանցերու՝ DW (Deutsche Welle) եւ RTVE-ի ճամբով, հասնելով միլիոնաւոր դիտողներու՝ ամրապնդելով «Հալածանքի Դէմքերը» ֆիլմաշարին ազդեցութիւնը։
«Ցեղասպանութիւն 2.0»ի 7 վայրկեաննոց կարճ տարբերակը արդէն թեկնածու առաջադրուած է «Սանքոսթ շրջանային Էմմի» մրցանակներու (Suncoast Regional Emmy Awards) կրօնական, կարճ ձեւաչափով բովանդակութիւն անուանակարգին մէջ։
Այժմ «Ցեղասպանութիւն 2.0»ի ստեղծագործողները աւելի քան պատրաստ են աւարտելու ֆիլմին ամբողջական տարբերակը։ Այս արտադրութեան վճռական հանգրուանին, աջակիցները կրնան նպաստել այս հրատապ նախագիծին՝ իբրեւ անհատներ կամ կազմակերպութիւններ։ Հարկէն նուազեցուող նուիրատուութիւնները կը կատարուին donorbox.org/cultural-impact-foundation յղումով՝ «Մշակութային ազդեցութեան հիմնադրամ»ին միջոցաւ, որ 501(c)(3) կազմակերպութիւն է, ինչ որ պիտի օգնէ Արցախի պատմութիւնը հասցնելու համաշխարհային լսարանին եւ արդարութիւն պահանջելու։
Բերելով այս հրատապ պատմութիւնները համաշխարհային բեմ՝ աջակիցները վճռորոշ դեր կը խաղան հայկական հարցը ընդլայնելու եւ յետագայ անարդարութիւնները կանխելու գործին մէջ։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել facesofpersecution.org/genocide2/ կայքը։