
Կիրակի, 10 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան հանդիսաւոր Ս. պատարագ մատոյց, քարոզեց եւ մատաղօրհնէք կատարեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ՝ անոր օծման 61րդ ամեակին առիթով:
Ս. խորանին սպասարկեցին հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Արարողութեան ներկայ եղան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, Հոգաբարձութիւնը, պատկան մարմիններու եւ յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հոծ բազմութիւն մը: Ներկայ էր նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան:

Առաջնորդին քարոզին բնաբանը վերցուած էր Քրիստոսի ուսմունքներուն յատկացուած եւ Մատթէոս Աւետարանիչին կողմէ գրի առնուած «երանութիւններ»ու բաժինէն, որ ամփոփուած է Մատթէոս Աւետարանի 5-7րդ գլուխներուն՝ «Լերան քարոզը»ին տակ, որուն մէջ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Երանի անոնց, որոնք սիրտով մաքուր են, որովհետեւ անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն»: Այս համարէն բխած խորհրդածութիւնները ընդարձակելով՝ սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ տեսութեան արժանի ըլլալու պայմանը է՛ եւ կը մնայ՝ մաքուր սիրտ ունենալը ու թէ՝ ամէնէն մաքուրները եկեղեցւոյ սուրբերն են, որոնք Աստուծոյ մօտ եւ սիրելի են, որովհետեւ ունին սուրբ սիրտ, այսինքն՝ անոնց կեանքերը կլանուած են Աստուծոյ կամքով, որ կը սահմանուի Աստուծոյ կամքը կատարելու արարքով ու աստուածահաճոյ ապրելակերպով, մասնաւորաբար Աստուծոյ թելադրածին համաձայն՝ իր նմանը սիրելով, ուրիշին բարիքը նախապատիւ համարելով, անձնասիրութենէն հեռու մնալով եւ համայնական կեանքի բարօրութիւնը կեանքի եւ գործի նպատակ դարձնելով:
Սրբազանը նաեւ դիտել տուաւ, որ նահատակները եւս՝ իբրեւ անձնազոհ մարդ արարածներ սուրբեր են, եւ անոնց նահատակութիւնը ապացոյց է՝ Աստուծոյ կամքին կամ ընդհանուրին բարիքին համար մինչեւ իսկ սեփական կեանքը զոհելու հաւատքին, ապա սրբազանը այս միտքը կապեց Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ անուանումին եւ Ամենայն Սրբոց տօնին՝ ըսելով, որ տօնը Աստուծոյ կողմէ մարդկութեան ուղղուած կոչ մըն է՝ մաքուր սիրտ ունենալու եւ զայն անարատ պահելու համար մինչեւ իսկ նահատակութիւն աչք առնելու:

Այնուհետեւ, առաջնորդը շնորհաւորեց Էնսինոյի համայնքը իր եկեղեցւոյ օծման 61րդ տարեդարձին առիթով, ապա դրուատեց հոգեւոր տան եւ համայնքային կեանքի աշխատանքներուն նկատմամբ ծառայական ոգի եւ յանձնառու վերաբերում ցուցաբերելը, յորդորելով ներկաները՝ անցողիկ այս կեանքը եկեղեցաշէն եւ ազգանուէր գործունէութեամբ լաւագոյնս իմաստաւորելու:



