Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ խօսեցաւ Հայաստանի «սպառազինութեան վտանգի»ին մասին։ Արդարեւ, ան նշեց, որ Հայաստանի՝ զինուելու լայնածաւալ արշաւը տարածաշրջանին համար սպառնալիքի յաւելեալ աղբիւր է, «եթէ խօսինք մեզի համար ամէնէն տագնապալի երեւոյթին մասին, անիկա, անշուշտ Հայաստանի զինուիլն է»:
Ըստ անոր՝ ասիկա Հայաստանի համար «սխալ ճամբայ» մըն է:
«Թէ՛ իմ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ, թէ՛ հայկական կողմին հետ մեր բանակցութիւններուն ընթացքին ես զանոնք բազմաթիւ անգամներ զգուշացուցած եմ խուսափելէ այս վտանգաւոր ուղիէն: Օտար երկիրները, որոնք այսօր ալ կը հրահրեն Հայաստանը նորէն յարձակելու Ատրպէյճանի վրայ, անոր թիկունք պիտի չկանգնին, ուղղակի չեն կրնար այդ մէկը ընել։ Դարձեալ կ՛ըսեմ՝ քանի տակաւին ուշ չէ, թող հեռանան այս վտանգաւոր ճամբայէն: Հարաւային Կովկասը պէտք է դառնայ խաղաղութեան, հանգստութեան եւ համագործակցութեան տարածաշրջան մը. Հայաստանի լայնածաւալ եւ արագօրէն զինումը, անոր մահաբեր զէնքի մատակարարումը կրնայ վտանգել այս խաղաղութիւնը, որ կարելի բան է:
«Նկատի ունենալով Հայաստանի հսկայածաւալ սպառազինութիւնը` մենք էապէս աւելցուցած ենք 2025ի մեր ռազմական պիւտճէն: Անիկա հասած է մրցանշային մակարդակի մը` մինչեւ 8.4 միլիառ մանաթ (5 միլիառ տոլար)», ըսաւ Ալիեւ։