«Հակառակ մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններոին, հետեւողականօրէն աշխատած ենք, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ ռազմավարական գործընկերութիւնը եւ դաշնակցային յարաբերութիւնները յաջողութեամբ յաղթահարեն փորձութիւնները», Նոր տարուան իր ուղերձին մէջ կ՛ըսէ Հայաստանի մօտ դեսպան Սերգէյ Քոփիրքին` շնորհաւորելով Հայաստանի բնակիչներուն եւ իր հայրենակիցներուն Նոր տարին:
«Մենք բոլորս, ըստ աւանդութեան, կը սպասենք Նոր տարուան ընթացքին փափաքներու իրականացում, աւելի բարեկեցիկ, հանգիստ եւ երջանիկ կեանք մը: Թող այդպէս ըլլայ: Կը մաղթեմ, որ եկող տարուան ընթացքին, բոլորիս սպասէ երջանկութիւն, նոր ձեռքբերումներ եւ բարի, դրական իրադարձութիւններ, իսկ Ռուսիոյ եւ Հայաստանին` բարգաւաճում եւ ապահով զարգացում», կ՛ըսէ Քոփերքին: