Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յայտնեց Իրանին` իրանցի պաշտօնեաներու հակաատրպէյճանական հռետորաբանութեան համար: Իրանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար Սէյիտ Ճաֆար Աղայի Մարիանը կանչուեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն։
Այս քայլին պատճառը, ըստ Պաքուի, Ատրպէյճանի եւ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հասցէին վիրաւորական յայտարարութիւններն են, որոնք կատարուած էին 29 Դեկտեմբեր 2024ին, Արտապիլի մէջ Իրանի գերագոյն առաջնորդի ներկայացուցիչ այաթոլլա Սէյետ Հասան Ամելիի մասնակցութեամբ ձեռնարկին ընթացքին, որ հեռարձակուած էր Իրանի պատկերասփիւռի կայաններէն մէկուն ճամբով:
«Ատրպէյճանական կողմը խիստ բողոք յայտնեց Իրանին` այդ միջադէպին գծով, նաեւ դժգոհութիւն արտայայտեց վերջերս Իրանի բնակչութեան շարքերուն մէջ ակնյայտ հակաատրպէյճանական տրամադրութիւններու բորբոքման համար», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Նոյն նախարարութեան մէջ իրանցի դիւանագէտին ըսին, որ հակաատրպէյճանական քարոզչութիւնը կը հակասէ երկկողմ յարաբերութիւններու ոգիին:
«Այսպիսի գործողութիւնները ատելութիւն եւ թշնամութիւն կը սերմանման եւ չեն նպաստեր միջպետական ու միջանձնային յարաբերութիւններու պահպանման եւ խորացման. Ատրպէյճան կը պահանջէ դադրեցնել այսպիսի սադրանքները իր երկրին դէմ», ընդգծուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Իրան հակազդեց այս միջադէպին։ Ըստ «ԻՐՆԱ« լրատու գործակալութեան՝ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրասիոյ հարցերու գծով գլխաւոր տնօրէն Մոճթապա Տեմիրչիլին յայտարարեց. «Իրանի քաղաքականութիւնը ուղղուած է դրացի պետութիւններու, յատկապէս Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման: Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բողոքը կապ ունէր երկրի հիւսիս-արեւմուտքին մէջ գտնուող քաղաքներէն մէկուն մէջ անհատի մը կատարած անպատեհ եւ չմտածուած յայտարարութիւններուն հետ»։