«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն խօսեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոյի հետ: Անոնք քննարկեցին Սուրիոյ վերջին զարգացումները եւ սուրիացի ժողովուրդին օգնելու հարցը` օգտուելու աւելի լաւ ապագայ կառուցելու առիթէն` նուազեցնելով յաւելեալ անկայունութեան վտանգները, ներառեալ «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորումէն եկող վտանգները, ինչպէս նաեւ սուրիական ղեկավարութեամբ փոխանցման համապարփակ գործողութիւն մը կատարելու անհրաժեշտութիւնը», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր՝ աւելցնելով. «Պլինքըն իր գնահատանքը արտայայտեց Լիբանանի նկատմամբ Ֆրանսայի աջակցութեան, ներառեալ լիբանանեան բանակին անոր շարունակուող օժանդակութիւնը: Ան անգամ մը եւս ընդգծեց կարեւորութիւնը համակարգուած գործելաոճի մը հետեւելու` լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու նախագահական ընտրութեան ճամբով իր (պետական) հաստատութիւնները վերաշինելու եւ ղեկավարութիւնը վերստանձնելու համար»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նաեւ կ՛ըսուի հետեւեալը. «Պլինքըն շեշտեց անհրաժեշտութիւնը յարգելու Սուրիոյ մէջ բոլոր խմբաւորումներու մարդկային իրաւունքները եւ միջազգային օրէնքը, ինչպէս նաեւ որդեգրելու բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշական քայլերը՝ պաշտպանելու քաղաքայինները, ներառեալ փոքրամասնութիւնները, քաջալերելու Ասատի նախկին վարչակարգի շրջանին կորսուած եւ անիրաւաբար բանտարկուած անձերու, ներառեալ ամերիկացի լրագրող Օսթըն Թայսի գտնուելու վայրը ճշդելու միջազգային աջակցութեան տրամադրումը»: