Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի գլխաւորութեամբ՝ սուրիական պաշտօնական պատուիրակութիւն մը Չորեքշաբթի գիշեր հասաւ Ռիատ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մըրհեֆ Ապու Քասրա եւ Ընդհանուր հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Անաս Խաթթապ:
Շիպանի նախապէս յայտնած էր, որ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը զինք հրաւիրած է թագաւորութիւնը այցելելու:
Այցելութիւնը Սուրիոյ նոր իշխանութիւններուն կողմէ արտասահման առաջին պաշտօնական այցելութիւնն է: Խալետ թագաւորի անուան միջազգային օդակայանին մէջ սուրիական պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ուալիտ Պըն Ապտելքարիմ Խրէյժիի կողմէ:
Սուրիոյ նոր վարչակազմի ղեկավար Ահմետ Շարհ նախապէս յայտնած էր, որ կը նախատեսէ, թէ Սէուտական Արաբիա «շատ մեծ դեր» պիտի ունենայ Սուրիոյ մէջ, ուր կրնայ օգտուիլ «ներդրումի մեծ առիթներէ»:
«Ազատ Սուրիոյ պատմութեան մէջ այս առաջին այցելութեան ճամբով կը ձգտինք Սուրիա-Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն մէջ բանալ նոր եւ պատուաբեր էջ մը, որուն արժանի է երկու երկիրներուն միջեւ վաղեմի պատմութիւնը», Ռիատ հասնելէ ետք յայտարարեց Շիպանի:
«Արապիա»ն հաղորդեց, որ երէկ 28 թոն օժանդակութիւններով բեռցուած սէուտական 3րդ օդանաւ մը հասաւ Դամասկոս:
Միւս կողմէ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետին աւագ խորհրդականը՝ Ալի Լարիճանի, յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ իշխող հոսանքին հետ Իրանի հաղորդակցութիւնը «կախեալ է Թեհրանի նկատմամբ անոր վարմունքէն»` աւելցնելով. «Թեհրանի մօտ անոր հետ հաղորդակցելու հարց չկայ: Եթէ Սուրիոյ մէջ իշխող հոսանքը ըսէ, թէ մեր հողերուն ամբողջականութիւնը կը պաշտպանենք եւ բոլոր սուրիացիներուն իրենց իրաւունքները կ՛ուզենք տալ, կ՛ուզենք երկրին մէջ ժողովրդավարական կառոյց մը հաստատել, Իրան անոր պիտի զօրակցի»:
Լարիճանի Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցող քաղաքական հանդիպումները որակեց մեծամասնութեամբ «քաղաքական պաստառներ»:
«Անոնք իրենց խօսքը պիտի գործադրե՞ն: Կը յուսանք, որ Սուրիան ըլլայ իսլամական ժողովրդավարական պետութիւն մը եւ Իսրայէլէն ինքզինք պաշտպանէ», ըսաւ Լարիճանի:
Իր կարգին, Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սահեր Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց հետեւեալը. «Դամասկոսի մէջ նոր վարչակազմը կը ղեկավարուի ճիհատական չափազանց ծայրայեղական խմբաւորումի մը կողմէ: Սուրիոյ նոր վարչակազմին գնահատումը պիտի կատարենք՝ հիմնուելով անոր արարքներուն վրայ, որոնք ներկայիս քաջալերական չեն թուիր ըլլալ»:
Մինչ այդ, «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանի աղբիւրները յայտնած էին, թէ իսրայէլեան բանակը գրաւած է հարաւային Սուրիոյ Քնէյթրայի գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Մանթարա ամբարտակը:
Նաեւ, Հինգշաբթի յետմիջօրէին, իսրայէլեան օդուժը յարձակում մը գործեց Դամասկոսի գիւղական շրջանի մը մէջ գտնուող Թել Շահմ զինուորական դիրքին վրայ:
Ներքաղաքական գետնի վրայ, Սուրիոյ փոխանցման կառավարութենէն աղբիւրներ «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, թէ ընթացքի մէջ են նախապատրաստութիւնները՝ Յունուարի կիսուն սուրիական հանրութեան բոլոր բաղադրիչ մասերը միախմբելու համար ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողով գումարելու: