Թեհրան դարձեալ կոչ ուղղեց՝ Հարաւային Կովկասի հարցերու լուծման ընթացքին զերծ մնալու արտատարածաշրջանային ուժերու ներգրաւումէն: 13 Յունուարին, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած շաբաթական ճեպազրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Իսմայիլ Պաղայի` մեկնաբանելով Իսլամական Հանրապետութեան ապահովական գերագոյն խորհուրդի քարտուղարին տարածաշրջանային այցելութիւնը:
«Իրան թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարեւոր կը նկատէ: Հարաւային Կովկասի մէջ ապահովութիւնը շատ կարեւոր է մեզի համար: Մենք մեր բոլոր կարելիութիւնները պիտի օգտագործենք տարածաշրջանին մէջ ապահովութիւնը ամրապնդելու համար: Ապահովութիւնը, սակայն, պէտք է զերծ պահել արտաքին միջամտութենէն: Զայն պէտք է ապահովեն տարածաշրջանի պետութիւնները», շեշտեց Պաղայի, որ նաեւ ընդգծեց, որ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի Երեւան եւ Պաքու տուած այցելութիւնները նախապէս ծրագրուած էին: Ահմատիան Հարաւային Կովկաս ժամանեց Իլհամ Ալիեւի` Հայաստանին ուղղուած սպառնալից յայտարարութիւններէն երկու օր ետք։ Ան եւս պնդեց, որ երրորդ ուժերը պէտք չէ միջամտեն հարաւային Կովկասի զարգացումներուն:
Միւս թեման, որուն անդրադարձաւ Պաղայի Թեհրանի եւ Մոսկուայի միջեւ այս շաբաթ կնքուելիք համաձայնագիրն է: Ըստ անոր՝ 17 Յունուարին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ իսլամական հանրապետութեան նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան իրենց ստորագրութիւնները պիտի դնեն տարիներ շարունակ բանակցուած փաստաթուղթին տակ:
«Նախագահի Ռուսիա այցելութիւնը շատ կարեւոր է: Այցելութեան ընթացքին պիտի ստորագրուի Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ համապարփակ ռազմավարական համագործակցութեան մասին պայմանագիրը, որուն շուրջ բանակցութիւններ կը կատարուին վերջին երեք-չորս տարիներուն ընթացքին: Համաձայնագիրին մէջ ներառուած է հարցերու բաւական լայն շրջանակ մը՝ տնտեսական համագործակցութիւն, ծովային եւ օդային կապի զարգացում մինչեւ պայքար ահաբեկչութեան դէմ», յայտնեց Պաղայի: