13 Յունուարին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի ըսաւ, որ Ֆրանսայի աջակցութիւնը Հայաստանին առանց նախապայմաններու, ամբողջական եւ հաստատուն է:
Ան ընդգծեց, որ Ֆրանսա կ՛աջակցի Հայաստանին: «Աջակցութիւնը, զոր Ֆրանսա կը ցուցաբերէ Հայաստանին, շատ աւելի յստակ կերպով ներկայացուած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողմէ՝ առանց նախապայմաններու, ամբողջական եւ հաստատուն», շեշտեց դեսպանը:
Ան խաղաղութիւն մաղթեց Հայաստանին` նշելով, որ բառերը բաւարար չեն խաղաղութեան հասնելու համար, առ այդ, ինք անգամ մը եւս կը հաստատէ Ֆրանսայի յանձնառութիւնը Հայաստանի խաղաղութեան նկատմամբ:
Շեշտելով, որ Ֆրանսա Հայաստանի կողքին մէջ՝ Ֆրանսայի դեսպանը յայտարարեց հետեւեալը. «Ասիկա տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ եւ արդարացի խաղաղութեան յանձնառութիւն է, բայց նաեւ յանձնառութիւն է Հայաստանի կողքին ըլլալու, պահպանելու անոր տարածքային ամբողջականութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը»։