Հայաստան Եւրասիական տնտեսական միութիւնը բանով մը փոխարինելու մասին չի մտածեր, սակայն բազմազանութիւն կը մտցնէ իր առեւտրական գործընկերներուն մէջ: 2024ի եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան` անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան գործընթացին սկսելու վերաբերեալ զարգացումներու հարցին:
«Որեւէ պարագայում մենք չենք մտածում ԵԱՏՄն փոխարինել ինչ-որ բանով: Մենք ուզում ենք լինել անկախ: Իսկ անկախութիւնն այն է, երբ դու կախուած ես բոլորից, ոչ թէ մէկից, եւ բոլորն էլ ինչ-որ չափով քեզնից են կախուած», ըսաւ Պապոյեան, որ Հայաստանի՝ մրցունակ ապրանքներ արտադրելը եւ զանազան տեղեր արտածելը կարեւոր նկատեց:
«Պէտք չէ փոխարինել: Պէտք է այդ ծաւալները ԵԱՏՄում պահել, մեծացնել, աւելացնել», նշեց Պապոյեան:
Ան ընդգծեց, որ Հայաստանի առեւտրական թիւ մէկ գործընկերը հիմա Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն է: Առեւտուրի մեծ գործընկերներու կարգին Ռուսիոյ հետ են նաեւ Չինաստան եւ Եւրոպական Միութիւնը։