Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ընդունեց Իրանի խորհրդարանին մէջ Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Արա Շահվերդեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահը իր խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ նախորդ տարին բաւական արդիւնաւէտ էր երկու երկիրներուն յարաբերութիւններու զարգացման եւ փոխադարձ այցելութիւններու աշխուժութեան առումով: «Հայաստանը մեծապէս կարեւորում է Իրանի հետ բարիդրացիական յարաբերութիւնների հետեւողական ամրապնդումը: Մեզ համար Իրանը եղել եւ մնում է առանձնայատուկ գործընկեր», շեշտեց Խաչատուրեան, որ կարեւոր նկատեց նաեւ բարեկամական խումբերու ձեւաչափով փոխգործակցութիւնը եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչներու պարբերական հանդիպումները` նկատի ունենալով խորհրդարաններու նշանակալի դերը` երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման, փոխվստահութեան եւ ամբողջական փոխըմբռնումի մթնոլորտի կառուցման մէջ:

Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավարը փոխանցեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահ Մոհամմետ Պաղեր Ղալիպաֆի ողջոյնները՝ շեշտելով, որ անոնք հայ ժողովուրդին կը մաղթեն յաջողութիւններ եւ որ 2025 թուականը ըլլայ բարիքներով լեցուն տարի մը Իրանի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն համար:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող հարցեր` յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով տնտեսական եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան խորացման:
Կողմերը կարեւոր նկատեցին հաղորդակցութեան ուղիներու եւ ենթակառուցուածքներու ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման անհրաժեշտութիւնը:
Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային ապահովութեան հարցերուն` յատուկ կարեւորութիւն տալով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին` իբրեւ հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան եւ ապահովութեան հաստատման գործիք:
Շահվերդեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանին հետ, որ ընդգծեց, թէ Հայաստան-Իրան երկկողմ յարաբերութիւնները ունին ամուր հիմքեր եւ խարսխուած են բնական շահերու վրայ՝ կարեւոր նկատելով նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման համար առնելիք քայլերը:
Շահվերդեան իր կարգին նշեց, որ երկկողմ յարաբերութիւնները ալ աւելի զարգանալու միտում ունին: