

Կիրակի, 12 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ ըստ նախօրօք հրապարակուած ծանուցման՝ Ս. Յովհաննու Կարապետ տօնին առիթով պէտք է նախագահէր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան, սակայն ան՝ հոգեւոր, ազգային եւ հայրական սրտակցութեան իր ներքին կանչին ականջալուր, փութաց աննախընթաց հրդեհներու զոհ՝ հայահոծ Փասատինա քաղաքի Հայց. Առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցի եւ հանդիսապետեց Ս. պատարագին, ապա քարոզի ճամբով զօրակցութիւն յայտնեց իր հօտի զաւակներուն, որոնք շաբաթէ մը ի վեր Լոս Անճելըսի մէջ ծայր տուած եւ տակաւին ընդարձակուող աննախընթաց հրդեհներու պատճառով աղէտալի պահեր ապրեցան եւ տակաւին կ՛ապրին՝ հրոյ ճարակ դարձած իրենց բնակարաններուն, գործատեղիներուն, թէ շրջանին մէջ կեանքի ապահովութեան սպառնացող անառողջ օդին եւ նիւթական ծանրակշիռ վնասներուն պատճառով:
Օրուան պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան․ Ս. խորանին սպասարկեցին սարկաւագներ, դպիրներ եւ երգեցիկ խումբը: Առաջնորդ սրբազան հօր քարոզին բնաբանն էր՝ Ղուկաս Աւետարանի 12րդ գլխուն 32-34 համարները, ուր արձանագրուած են Յիսուս Քրիստոսի հետեւեալ խօսքը. «Մի՛ վախնար, փոքրիկ հօտ, որովհետեւ ձեր Հայրը հաճեցաւ ձեզի տալ արքայութիւնը: Ծախեցէ՛ք ձեր ստացուածքները եւ դրամը ողորմութեան յատկացուցէք: Փորձեցէք ձեռք ձգել այնպիսի հարստութիւն մը՝ որ չի մաշիր, գանձ մը՝ որ չի պակսիր եւ զայն երկինքի մէջ դիզեցէք, ուր ո՛չ գողը կրնայ անոր մօտենալ եւ ոչ ալ ցեցը կրնայ զայն կրծել: Որովհետեւ ուր որ է ձեր հարստութիւնը՝ հոն կ՛ըլլայ նաեւ ձեր սիրտը»: Առ այդ, Գեղամ արքեպիսկոպոսը բացատրեց ներկաներուն Քրիստոսի խօսքերուն իմաստը նաեւ այսօրուան աղէտին լոյսին տակ եւ յորդորեց բոլորը՝ հոգեւոր, փոխադարձ սիրոյ եւ մարդկայնութեան հիմնարար արժէքներու վրայ կառուցել իրաւ ու մնայուն հարստութիւն մը եւ տուժածներն ու հոգեկան խռովքի մատնուած տեղւոյն հայ բնակիչները մխիթարելու փորձ կատարեց՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ հայցելով առողջութիւն եւ ապահովութիւն, Մեծն Լոս Անճելըսի ու անոր բնակիչներուն համար:


Յետ արարողութեան, Գեղամ արքեպիսկոպոսը զրուցեց եկեղեցի ապաստանած հայ ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն եւ անհատներու հետ, տեղեկութիւններ քաղեց անոնց կեցութեան պայմաններուն եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին, ապա եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան հետ հանդիպելով՝ տուաւ անհրաժեշտ ցուցմունքները՝ թելադրելով հնարաւորը կատարել, անմիջականը չզլանալ եւ շրջանի հայութեան անվնաս կեցութիւնը նկատել առաջնահերթ:
Հուսկ, առաջնորդը իր հօտի զաւակներուն փոխանցեց հայրական իր օրհնութիւնները եւ ներկայ աղէտէն վայրկեան մը առաջ ապահով դուրս գալու իր անկեղծ մաղթանքները: