Երկուշաբթի առաւօտեան, Լիբանանի նախագահի նստավայր Պաապտայի պալատին մէջ ընթացք առին վարչապետի առաջադրման խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւնները:
Նախքան խորհրդակցութիւններու մեկնարկը, երեսփոխան Ֆուատ Մախզումի յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ վարչապետի պաշտօնին իր թեկնածութիւնը` «փոփոխութեան հաւատացողներուն միջեւ» Նաուաֆ Սալամի թեկնածութեան շուրջ համախոհութիւն գոյացնելու առիթ ընծայելու համար:
Խորհրդակցութեան աւարտին, նախագահական պալատի ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտարարեց, որ նորընտիր նախագահ Ժոզէֆ Աուն խորհրդարանական պարտադիր խորհրդակցութիւններու աւարտին պալատ կանչած է հեղինակաւոր դատաւոր Նաուաֆ Սալամը: Ան ստացած է 84 քուէ:
Սալամ Երեքշաբթի օր ժամանեց Պէյրութ: Ան խոստացաւ Լիբանանի պատմութեան մէջ «արդարութեան, ապահովութեան եւ յառաջդիմութեան հիմերուն վրայ նոր էջ մը բանալ»։
Դատաւոր, դիւանագէտ եւ ակադեմական Նաուաֆ Սալամ ծնած է 1953ին, Պէյրութ. ան վարած է ՄԱԿի մօտ Լիբանանի մնայուն ներկայացուցիչի պաշտօնը եւ Լիբանանը ներկայացուցած ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ: 2018ին ան ընտրուած է Միջազգային արդարադատութեան դատարանին մէջ դատաւոր, եւ Փետրուար 2024ին ընտրուած է նշեալ դատարանի նախագահը` դառնալով այդ պաշտօնը ստանձնող երկրորդ արաբը:
Ան սեռած է քաղաքական աւանդութիւն ունեցող ընտանիքէ մը: Անոր հայրը` Ապտալլա Սալամ, Լիբանանի օդանաւային ընկերութեան հիմնադիրներէն մէկն է, իսկ Նաուաֆ Սալամի հօրեղբայրը` Սայէպ Սալամ չորս անգամ վարած է Լիբանանի վարչապետի պաշտօնը, իսկ անոր հօրեղբօր որդին` Թամմամ Սալամ 2014էն 2016 վարած է վարչապետի պաշտօնը: