
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նախաձեռնած է համագաղութային արշաւի մը ՝ կոչ ընելով Միացեալ Նահանգներու Արտածումի եւ ներածումի դրամատան (EXIM Bank), որ մերժէ 100 միլիոն տոլարի երաշխիքը ատրպէյճանական Silk Way օդանաւային ընկերութեան, որ կը ջանայ այդ գումարով «Պոյինկ»ի բեռնատար օդանաւերէն գնել։
Հայ Դատը կ՛ազդարարէ, թէ վաճառքը առիթ պիտի տայ Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական վարչակազմին՝ ստանալու երկակի նշանակութիւն ունեցող օդանաւեր, դիւրացնելով զէնքի անօրինական մատակարարումը դէպի Ատրպէյճան՝ երկիր մը, որ աշխարհի տարածքին դատապարտուած է Արցախի հայ բնակչութեան դէմ իր ցեղասպան քաղաքականութեան եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքներուն համար։
Նշենք, որ 10 Յունուարին, EXIM դրամատունը յայտարարեց, որ ստացած է Պաքուի դիմումը, որուն վերաբերեալ հանրային մեկնաբանութիւններ կարելի է ներկայացնել մինչեւ 7 Փետրուար, որմէ ետք EXIM-ը պիտի քննարկէ դիմումը:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ այդ դիմումին դէմ ձայն բարձրացնելու՝ այցելելով anca.org/exim կայքէջը։
Ըստ Հայ Դատի յանձնախումբին՝ այսպիսի օդանաւեր Պաքուին տրամադրելը խոտոր կը համեմատի ամերիկեան օրէնքներուն, վտանգ կը սպառնայ տարածաշրջանի խաղաղութեան, պիտի դիւրացնէ Պաքուի ցեղասպանական նպատակներուն իրագործումը եւ Ատրպէյճանին յաւելեալ ռազմական առաւելութեան հասնելու առիթ պիտի ընծայէ։
Յայտնենք, որ Silk Way օդանաւային ընկերութիւնը սերտօրէն կապ ունի Ալիեւի վարչակարգին հետ եւ գլխաւոր կամուրջը կը հանդիսանալ Իսրայէլէն Ատրպէյճան ապօրինի զէնքերու տեղափոխութեան։ Այդ զէնքերուն մէկ մասը գործածուեցան Արցախի վրայ յարձակումներուն ընթացքին: