Իրանի խորհրդարանի Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը Հայաստանի Ազգային ժողովի Հայաստան-Իրան բարեկամական խումբի անդամներ Մարիամ Պօղոսեանի եւ Դաւիթ Դանիէլեանի ընկերակցութեամբ այցելեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը:
Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Արա Շահվերդեան եւ պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին վրայ:
Նոյն օրը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան ընդունեց Իրան-Հայաստան բարեկամական խումբի պատուիրակութիւնը:

Ռուբինեան ըսաւ, որ Հայաստան շատ կարեւոր կը նկատէ հազարամեայ բարեկամութիւնը Իրանի հետ՝ շեշտելով, որ վերջին տարիներուն երկու երկիրներուն միջեւ զգալիօրէն աշխուժացած է քաղաքական երկխօսութիւնը եւ համագործակցութիւնը:
Ան ընդգծեց միջխորհրդարանական համագործակցութեան, պատգամաւորական բարեկամական խումբերու գործունէութեան կարեւորութիւնը` զայն համարելով առանցքային հարթակ նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի ժողովուրդներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման։
Անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանի ապահովութեան, ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով իրականացուող քայլերուն: