«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին գործոց յանձնաժողովին մէջ դաշինքի ընդլայնման հարցերու յանձնակատար Մարթա Քոս Պրիւքսէլի մէջ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը մանրամասնօրէն պիտի ուսումնասիրէ Հայաստանի անդամակցութեան հաւանական դիմումը:
«Մենք նաեւ կը լսենք, որ կան դրական շարժումներ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յայտ ներկայացնելու ուղղութեամբ: Ասիկա ընտրութիւն է, եւ մենք պէտք է բոլոր դիմումները շատ մանրամասնօրէն ուսումնասիրենք եւ նոյնը պիտի ընենք Հայաստանի պարագային: Սակայն, այս ընտրութիւնը, եթէ Հայաստան որոշէ դիմել, կապ ունի պարտաւորութիւններու հետ: Եւ ես վստահ եմ, ինչպէս նաեւ իմ ծրագիրին մէջ կայ՝ տարուան առաջին կիսուն այցելել Հայաստան` տեղւոյն վրայ տեսնելու, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք նախապէս կամ ինչի մասին պէտք է տեղեկատուութիւն փոխանակել», ըսաւ Քոս: