Սէուտական Արաբիոյ հրաւէրով Ռիատի մէջ գումարուած՝ Սուրիոյ հարցով արաբական-միջազգային ժողովին մասնակցող երկիրներու վարչապետները զօրակցութիւն յայտնեցին Սուրիոյ նոր իշխանութեան եւ իրենց եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ հաստատեցին հետեւեալները․
– Աջակցութիւն կը յայտնենք Սուրիոյ ժողովուրդին ընտրութիւններուն եւ կը յարգենք անոր կամքը՝ շեշտելով Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան վերացման կարեւորութիւնը։
– Կը զօրակցինք Սուրիոյ քաղաքական անցումային գործընթացին, որուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան Սուրիոյ քաղաքական են հանրային ուժերը եւ ուր պիտի պաշտպանուին բոլոր սուրիացիներուն իրաւունքները, մասնակցութեամբ՝ Սուրիոյ ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներուն։
– Աշխատանք պիտի տանինք սուրիական բոլոր կողմերուն մտահոգութիւնները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները երկխօսութեամբ լուծելու, յարգելով Սուրիոյ անկախութիւնը եւ գերիշխանութիւնը։
– Կոչ կ՛ուղղենք Սուրիոյ դէմ պարտադրուած միակողմանի պատժամիջոցները չեղեալ համարելու եւ մարդասիրական ու տնտեսական օգնութիւններ տրամադրելու Սուրիոյ։
– Մտահոգ ենք Սուրիոյ արգելակիչ գօտիին մէջ Իսրայէլի թափանցումներով եւ կը զօրակցինք Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։