
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը շնորհաւորեց Նաուաֆ Սալամը՝ Լիբանանի վարչապետի պաշտօնին նշանակուելուն առիթով:
Նախարարութիւնը Սալամին յաջողութիւն մաղթեց` «Լիբանանի պատմական ներկայ փուլին իր պարտականութեան կատարման մէջ»:
«Անցեալ շաբաթ նախագահ Ժոզէֆ Աունի ընտրութենէն ետք, այս նշանակումը Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն համար յոյսի նոր աղբիւր մը կը ներկայացնէ», նշեց Փարիզ:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, թէ իրենք յոյս ունին որ «կը կազմուի ուժեղ կառավարութիւն մը, որ կարողութիւնը ունենայ Լիբանանը կարելի եղածին չափ շուտ, իր ամբողջ բազմազանութեամբ միաւորելու` կատարելու համար Լիբանանի վերազարթնումի անհրաժեշտ բարեկարգումները, լիբանանցիներուն բարօրութեան վերականգնման, ապահովութեան հաստատման եւ Լիբանանի հողերուն բոլոր մասերուն վրայ գերիշխանութիւնը պահպանելու նպատակով: Լիբանանի վարչապետը կրնայ ի նպաստ բոլոր լիբանանցիներուն իր առաքելութեան կատարման մէջ յոյս դնել Ֆրանսայի ամբողջական աջակցութեան վրայ»: