
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, բանակի հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 15 Յունուարէն աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսէլ՝ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի ռազմական կոմիտէի նիստին մասնակցելու նպատակով:
Ըստ Հայաստանի ռազմական գերատեսչութեան՝ նիստը նպատակաուղղուած է համաշխարհային եւ տարածաշրջանային արդիական սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներու իրազեկման եւ անոնց մեղմացման համար հաւաքական լուծումներու որոնման:
Այս ծիրին մէջ, ՆԱԹՕի կեդրոնատեղիին մէջ զօր. Էդուարդ Ասրեան հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստանի եւ Վրաստանի, առանձնազրոյցներ՝ Ֆրանսայի ու Շուէտի պաշտպանութեան բանակի պետերուն հետ:
Յունաստանի եւ Ֆրանսայի պաշտօնակիցներուն հետ երկուստեք արձանագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ երկկողմ համագործակցութեան բարձր մակարդակը: Զօր. Էդուարդ Ասրեան բարձր գնահատեց նաեւ Աթէնքի եւ Փարիզի ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի կերպարանափոխման ու զարգացման ընթացիկ ջանքերուն մէջ: