Հայաստան ողջունեց Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնագիրը, որ պիտի ապահովէ երկու կողմերուն պատանդներու եւ գերիներու ազատ արձակումը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ հետեւեալը. «Պաշտօնական Երեւանը յոյս կը յայտնէ, որ այն կարեւոր նշանակութիւն կ՛ունենայ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի ժողովուրդների անվտանգութեան երաշխաւորման, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանում համապարփակ խաղաղութեան հաստատման համար: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հրադադարի հաստատման հարցում բարձր է գնահատել, մասնաւորապէս, ԱՄՆի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի միջնորդական ջանքերը»: