Պաքուի մէջ, 17 Յունուարին տեղի ունեցաւ Արցախի նախկին պետական նախարար եւ գործարար Ռուբէն Վարդանեանի գործով նախնական դատական նիստը, ո փոխանցեց ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը. ըստ որուն՝ նիստը կատարուեցաւ «բաց» դրութեամբ:
«Էյ.Փի.Էյ.» հրապարակած է լուսանկարներ, որոնց մէջ պատկերուած է Վարդանեան եւ ատրպէյճանական բանտերուն մէջ պահուող Արցախի միւս՝ պատանդ տարուած նախկին պաշտօնատարները:
«Էյ.Փի.Էյ.»ը կը յայտնէ, թէ նիստին, որ գումարուեցաւ Պաքուի Դատական համալիրին մէջ գտնուող զինուորական դատարանի նոր վարչական շէնքին մէջ, պարզուած են Ռուբէն Վարդանեանի անձնական տուեալները:
Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան՝ թէեւ յայտարարուած է, որ դատավարութիւնը տեղի ունեցաւ «բաց» դրութեամբ, 17 Յունուարի լսումները անցան փակ դռներու ետեւին, նիստերուն մասնակցելու արտօնութիւն տրուած էր միայն Ատրպէյճանի երկու պաշտօնական լրատուամիջոցներու` AzTV-ի եւ Azertac-ի աշխատակիցներուն:
Վարդանեանի դատավարութեան ընթացքին մեղադրանքը պիտի պաշտպանեն վեց դատախազներ, որոնցմէ երկուքը գլխաւոր դատախազ Քեմրան Ալիեւի օգնականներն են:
Ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան` 17 Յունուարի նախապատրաստական դատական նիստին տրամադրուած են փաստաբաններ եւ թարգմանիչներ: Նիստին ընթացքին յստակ դարձաւ, որ դատարանը կը պատրաստուի հարցաքննել տուժող ճանչցուած հարիւրաւոր մարդիկ, որոնք, ըստ ատրպէյճանական ծառայութեան, «Ղարաբաղի մէջ սպաննուած անձերու ընտանիքի անդամներն են, եւ վիրաւորներ են»:
Նախապատրաստական դատական նիստին յայտնուեցան մեղադրեալներուն անձնական տուեալները, բացատրուեցան անոնց իրաւունքները եւ պարտականութիւնները:
Արայիկ Յարութիւնեանի եւ միւսներուն գործով նախապատրաստական դատական նիստը պիտի շարունակուի 21 Յունուարին։