
Շաբաթ, 4 Յունուարի ուշ երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան նախագահեց Կլենտէյլի մէջ գործող Իրաքահայութեան Երիտասարդաց միութեան Ամանորի խրախճանքին, որուն ներկայ եղան նաեւ ազգային բարերար տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեանները:


Այս առիթով, Գեղամ արքեպիսկոպոսը դրուատիքով անդրադարձաւ իրաքահայութեան ազգային աւանդապահ ապրելաձեւին եւ հայ նկարագիրին, դրուատեց իրաքահայութեան կեանքին մէջ առանցքային տեղ գրաւող հայեցի դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, ապա ան իր ուրախութիւնը յայտնեց հայկական ոգեղէն արժէքներու սերունդէ սերունդ աւանդումը հայութեան այս հատուածին նախանձախնդրօրէն եւ լրջութեամբ կատարելուն համար:
Իր խօսքին աւարտին, Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց միութեան անդամներուն եւ համայն իրաքահայութեան Կաղանդը եւ Ամանորը եւ իր հայրական օրհնութիւններն ու նորանոր յաջողութեանց բարեմաղթանքները բաշխեց անոնց:
