ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հեղինակ, երգիծաբան եւ արուեստագէտ Վահէ Պէրպէրեանի նորագոյն թատերախաղը՝ «Պարոն Կարպիս»ը, Հինգշաբթի, Յունուար 17ին սկսաւ ներկայացուիլ Շըրմըն Օքսի Whitefire Theatre-ին մէջ: Ներկայացումները պիտի շարունակուին մինչեւ Մարտ 9:
Հայերէն թատերախաղին կեդրոնական կերպարը 80նոց նախկին պուրճ համուտցի մըն է, որ Նորթ Հոլիվուտի իր տան մէջ «պատերազմ հռչակած է» իր շրջապատին հետ, ամրօրէն կառչած իր համոզումներուն:
Երկու տեսարաններէ բաղկացած մէկ արարնոց թատերախաղին մէջ երեք սերունդներ՝ պարոն Կարպիսին, իր զաւկին՝ Ժիրայրին եւ թոռնիկին՝ Խաժակին, իրարու կը բախին, փորձելով իրենց կերտած սահմանները անխախտ պահել:
Բեմին վրայ ստեղծուած ցնցիչ, յուզիչ եւ բուռն վիճակներուն կողքին, թատերախաղը հաւասարակշռուած է Պէրպէրեանի սրամտութեամբ ու կատակներով, որոնք աւելի ամբողջական կը դարձնեն գործը:
«Պարոն Կարպիս»ին երեք կերպարները երկու տարբեր խումբեր կը խաղան: Հինգշաբթի եւ Շաբաթ երեկոները բեմ բարձրացող խումբին դերասաններն են Արա Պաղտոյեան, Արա Մածունեան եւ Քրիս Պետեան, իսկ Ուրբաթ եւ Կիրակի օրերը խաղցող խումբին մէջ են Մօրիս Գույումճեան, Սագօ Պէրպէրեան եւ Ռուբէն Գարակէօզեան: Թատերախաղին արտադրիչն է Հրայր Սարգիսեան:
Ներկայացումները տեղի կ’ունենան ամէն Հինգշաբթի, Ուրբաթ եւ Շաբաթ երեկոները ժամը 8ին, իսկ Կիրակի կէսօրէ ետքերը ժամը 3ին: Թատերասրահին հասցէն է՝ 13500 Ventura Blvd. Sherman Oaks:
Աթոռներուն սահմանափակ թիւին պատճառով կը խնդրուի ձեր տեղերը սկիզբէն ապահովել հեռաձայնելով (818) 397-7392 թիւին, կամ այցելեցէ՛ք www.BaronGarbis.com համացանցային կայքը:
Յայտնենք, թէ «Ասպարէզ» թատերական այս գործին հովանաւորողներէն մէկն է: