Մարդուս կեանքին մէջ արուեստն ու անոր տարբեր արտայայտութիւնները կենսական իմաստ ու արժէք ունին, յաճախ կը համեմատուին օդին ու ջուրին ունեցած կարեւորութեան հետ։ Այս հաստատումին հիմունքներուն համար, կրնանք վերադառնալ հին դարերուն ու քաղաքակրթութեան զարգացման տարբեր հանգրուաններուն, ի վերջոյ հասնելու համար նոյն եզրակացութեան, թէ՝ արուեստը աննիւթական գործօն է ու կը բարձրացնէ, կ՚ազնուացնէ մարդս։
Նոյնքան ծանօթ իրողութիւն է, որ անհատի կեանքին ու ներաշխարհին մէջ արուեստի իմացութիւնը պէտք է սկսիլ կանուխ տարիքէն, որպէսզի անիկա իր նպաստը բերէ անոր հոգեկան աճումին, զարգացման։ Այս իմաստով, մեր օճախին մէջ ալ բարեբախտաբար ունինք երաժշտական, կերպարուեստի ու պարային արուեստի վարժարաններ, որոնք լծուած են այս առաքելութեան։
Նորագոյն արտայայտութիւններէն մէկը եղաւ «Լիլիա» պարային դպրոցի երեկոյթը, որուն համար, ծնողներ, բարեկամներ ու պարերու սիրահարներ Կիրակի, 13 Յունուարի յետմիջօրէին ժամադրուած էին Glendale High Schoolի հանդիսասրահը։ Վարժարանին շուրջ 150 աշակերտները՝ մանուկներ, պատանիներ ու երիտասարդներ, հսկայ հանդէս մը ներկայացուցին հայկական եւ օտար պարային պատկերներով, գրաւելով ներկաներուն աչքերը, ականջները, սիրտն ու հոգին։ Գեղեցիկ էր մասնակցութիւնը «Համազգային»ի Փասատինայի «Շահան Շահնուր» մասնաճիւղի պարախումբին, որուն մատուցումը դպրոցական հանդէսէ տարբեր երանգ ունէր։
Իսկապէս որ ակնահաճոյ ու հոգեխռով էր ականատես ըլլալ հարիւրաւոր մանուկներու եւ երիտասարդներու գեղեցիկ ներկայացման։ Ծնողներ վստահաբար հոգեկան բաւարարութիւն ապրեցան իրենց զաւակներուն «պոյն ու պոսը» տեսնելով։ Պարային աւելի քան 30 պատկերներուն ականատես հանդիսականները, սակայն, հաղորդակից եղան դպրոցական հանդէսէ անդին անցնող ներկայացումի մը, որ զուարճութեան ու գոհունակութեան տարբեր զգացումներով համակեց բոլորը, ու երբ անոնք կը ծափահարէին իւրաքանչիւր պարի աւարտին, փաստօրէն կը հաստատէին տօնահանդէսի բնոյթով ներկայացման իրենց մասնակցութիւնը։
Ներկայացումը տպաւորիչ էր առաջին վայրկեանէն սկսեալ, երբ պատանի ու երիտասարդ պարողները, հայկական տոհմիկ նուագարաններով ու տարազներով (որոնք յարգած էին հայկական տարազներու աւանդութիւնները, յատապէս կանացի տարազներու պարագային, բան մը, որ երբեմն կ՚անտեսուի այս ու այլ ափերուն, օտար ազդեցութիւններու տակ), հանդիսականներուն կողքէն սրահ մտան հարսանեկան պարերով ու անմիջապէս հայկական տոհմիկ մթնոլորտ ստեղծեցին։ Յաջորդ պարերը, անոնք ըլլան հայկական թէ օտար, բեմ հանեցին գեղեցիկ երաժշտութեան, համաչափ շարժումներու եւ գունագեղ զգեստներու համայնապատկեր մը։ Պատանի ու երիտասարդ անդամները պահ մը մոռցուցին, որ հանդիսատեսը ներկայ է պարային դպրոցի մը հանդէսին, որովհետեւ անոնց գեղեցիկ ներկայացումները մօտեցան արհեստավարժ ու փորձառու պարողներու ներկայացումներուն մակարդակին։
Հոգեխռով էին մանաւանդ դեռատի մանուկներուն համաչափ ու միատեղ պարերը, եւ ահա հոս էր այս վարժարանի հիմնադիր ու պարուսոյց Լիլիային վաստակին գլխաւոր արժանիքը, այսինքն, ան յաջողած էր պարային արուեստին հիմնական սկզբունքներն ու «պատգամը» ներմուծել մինչեւ իսկ անչափահասներուն էութեան մէջ, զանոնք ներգրաւել չափի, համաչափութեան ու գեղեցիկ շարժումներու մթնոլորտին մէջ։ Իսկ մանուկներու յաջող ներկայացումները ընդհանուրին մէկ մասն էին միայն։ Մէկ այլ երեսն ալ՝ հայրենի աշխարհէն իր ըմպած զուլալ պարարուեստին իր աշակերտներուն փոխանցումն էր։
Պարաշարին աւարտին, հանդիսականները երկար ծափահարութիւններով ողջունեցին աշակերտները եւ պարուսոյցները։ Ու «պրաւօ»ի արժանի էին Լիլիան, իր գործակիցները, դեռատի ու երիտասարդ պարողները։