Երեքշաբթի, 21 Յունուարի առաւօտեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան ներկայ եղաւ Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանի վերաբացման արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ շրջանի Հայ Բարեգործական Ընդհանուր միութեան համալիրին մէջ:
Յանուն սրբազան հօր՝ քահանայ հայրը միացեալ աղօթք կատարեց յարանուանական հոգեւոր պետերուն հետ, ապա հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը՝ փառք տալով Աստուծոյ, որ Փասատինայի մէջ ծայր տուած հրդեհներուն ճարակ դարձած տեղւոյն Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը յետ երկշաբաթեայ աղէտին եւ կրթական իր օճախի հրկիզման, իր դռները կը վերաբանայ՝ հիւրընկալուելով նոյն շրջանին մէջ գործող ՀԲԸՄի համալիրին մէջ, շարունակելու համար իր կրթական ընթացիկ տարեշրջանը:


Տէր հայրը նոյն ատեն ուժ, կորով եւ հոգեկան ամրութիւն մաղթեց մանկապարտէզէն մինչեւ 8րդ կարգ ունեցող վարժարանի պատասխանատուներուն, ուսուցիչներուն, աշակերտներուն եւ ծնողներուն, ինչպէս նաեւ գնահատեց ՀԲԸՄը՝ հրդեհին պատճառով ի չիք եղած Սահակ- Մեսրոպ վարժարանի մեծ ընտանիքին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան եւ մարդասիրական կեցուածքին համար, ապա «Պահպանիչ»ով փակեց արարողութիւնը: