Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Պարոյր Յովհաննիսեան յայտնեց, որ Հայաստանի սահմանային կարողութիւնները ամրապնդելու համար Միացեալ Նահանգներու աջակցութիւնը պիտի նպաստէ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա եւ Հայաստան-Իրան սահմաններէն ռուս սահմանապահներու դուրս բերելուն:
«Միշտ դա իրականացուել է երրորդ երկրի կողմից, վերջապէս մենք դա պէտք է անենք: Իտէալական աշխարհում ամէն երկիր ինքը պէտք է հսկի իր սահմանները», յայտարարեց Յովհաննիսեան՝ պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին, թէ՝ այդ սահմանային կարողութիւններու ամրապնդման աջակցութիւնը ինչպիսի գործնական դրսեւորում պիտի ունենայ:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործող նախարարները 14 Յունուարին Ուաշինկթընի մէջ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը ստորագրեցին:
Միացեալ Նահանգներու նախկին արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարած էր, որ կ՛աշխատին Հայաստանի հետ` ամրապնդելու համար ջանքերը գերիշխանութեան եւ գերիշխան տարածքի պաշտպանութեան` նշելով, որ հետագայ շաբաթներուն Միացեալ Նահանգներու մաքսային եւ սահմանային պարեկային խումբ մը պիտի ուղղուի Հայաստան` աշխատելու համար հայ գործընկերներուն հետ սահմանային ապահովութեան կարողութիւններու զարգացման վրայ: