Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւնները բարդ ժամանակաշրջան մը կ՛ապրին՝ Արեւմուտքի գործողութիւններուն բերումով, որ կ՛աւելցնէ Երեւանի վրայ ճնշումը եւ կը հրահրէ Մոսկուայի հետ կապերու քայքայումը:
Ըստ «Թասս»ի՝Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բարդացումը հիմնականին մէջ Արեւմուտքի գործողութիւններուն պատճառով է, առ այդ, անիկա նախորդ տարի աւելցուց ճնշումը Հայաստանի վրայ, դրդեց զայն՝ քանդելու Ռուսիոյ հետ աւանդական կապերը եւ պարտադրեց հայ ժողովուրդին՝ խորթ արժէքային ուղենիշներ: «Դժբախտաբար, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաճախ բարեհաճ կերպով կ՛արձագանգէ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան չհիմնաւորուած խոստումներուն: Բայց ՀԱՊԿը Հայաստանի ապահովութեան հիմնաքարն է, եւ ԵԱՏՄին անդամակցութիւնը անոր տնտեսական բարեկեցութեան բանալին է», ըսաւ Լաւրով: