Չորեքշաբթի երեկոյեան, Ուիչիթայէն (Քենզըս) մայրաքաղաք Ուաշինկթըն ժամանող «Ըմերիքըն Էրլայնզ» ընկերութեան ճամբորդական օդանաւ մը բախում մը ունեցաւ ամերիկեան զինուորական ուժերուն պատկանող «Պլեքհաք» ուղղաթիւռի մը հետ, որուն պատճառով օդանաւը եւ ուղղաթիւռը ինկած Փոթմաք գետին մէջ։
Ըստ տեղական իշխանութիւններուն՝ ճամբորդական օդանաւին մէջ գտնուող 60 ճամբորդները եւ անձնակազմին 4 անդամները, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռին մէջ գտնուող երեք զինուորականները մահացած են։