ՎԱՀԷ ՅՈՎՆԱՆԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ եկեղեցւոյ հոգաբարձուներէն Վարանդ Յովնանեանին, եղբօր կնոջ՝ Քրիստին Յովնանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը: