ԱՇԽԷՆ ԼԻՊԱՐԵԱՆ՝ Հայց. Առաքելական Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ նախկին հոգաբարձութեան անդամուհիին, մահուան տխուր առիթով, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, սարկաւագաց եւ դպրաց դասերն ու յարակից բոլոր մարմինները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի քրոջ՝ Էլիզ Լիպարեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
Թող Բարձրեալն Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալի հոգին եւ ընտանեկան պարագաներուն պարգեւէ Ս. Հոգւոյ անսպառ մխիթարութիւնը: