
Լոս Անճելըսը հարուածած հրդեհները մեծ վնաս պատճառեցին Փասատինա քաղաքի ու շրջակայքի հայ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ՝ Սան Ֆերնանտօ հովիտի եւ շրջանի հայութեան ու հրդեհուած շրջաններու համայնքային կառոյցներուն, որոնց շարքին՝ հայկական վարժարաններու եւ հայ աշակերտութեան: Նշեալ շրջաններուն մէջ, բազմատասնեակ հայ ընտանիքներ կորսնցուցին բնակարաններ, մատնուեցան հոգեկան եւ նիւթական ծանր կացութեան, իսկ մեր աշակերտներէն շատերը դարձան թափառական:
Հրդեհներէն տուժած հայկական վարժարաններու աշակերտներու նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելու միտումը քննարկման նիւթ հանդիսացաւ «Հայաստա»ն հիմնադրամի վարչական պատասխանատուներուն գումարած վերջին ժողովին, որուն գաղութիս հոգեւոր առաջնորդներու կողքին, առ ի պաշտօնէ կը մասնակցի Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան: Ժողովը անդրադարձաւ վերջին հսկայածաւալ հրդեհներուն պատճառով մեր գաղութներու եւ յատկապէս հայկական վարժարաններու իրավիճակին ու հիմնադրամին կողմէ մեր վարժարաններուն օգնութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւններուն մասին:
Հիմնադրամի պատասխանատու մարմինը, մեկնելով անոր տրամադրութեան տակ դրուած ցանկագրումներէն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի Ազգային վարժարաններու հրդեհներէն վնասներ ստացած աշակերտներուն վեցամսեայ կրթաթոշակին դիմաց տրամադրեց 150,750 տոլար:
Նշեալ գումարէն պիտի կարենան օգտուիլ Փասատինայի Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Ազգային մանկամսուրի, Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարանի եւ Կլենտէյլի Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգային վարժարանի բոլոր այն աշակերտները, որոնք ուղղակի վնասներ կրած են Լոս Անճելըսը հրոյ ճարակ դարձուցած հրդեհներէն:
Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Ազգային վարչութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնեն հիմնադրամին, որ արեւմտեան շրջանի հայահոծ մեր գաղութին եւս, որուն առատաձեռն զօրակցութիւնը վայելած է հիմնադրամը երկար տարիներէ ի վեր, տագնապալի այս օրերուն օժանդակութեան կը փութայ: Այս զօրակցութեան իբրեւ արդիւնք՝ մանուկ-պատանի եւ երիտասարդ տարիքի մեր զաւակները խաղաղութեան մէջ պիտի շարունակեն ու բարիով աւարտեն կրթական ներկայ տարեշրջանը: